Որոնել

padre-2.jpg

Մոնկոլիայի Պուտիսթներու պատուիրակութիւն մը առաջին անգամուան համար կ՛այցելէ Վատիկան

14 Մարտ 1922ին կը հաստատուի Մոնկոլիայի առաջին առաքելութիւնը, զոր Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ վերածեց Ուլան Պաթորի Առաքելական Կուսակալութեան։ Այդ ժամանակ եկեղեցին ունէր 116 հաւատացեալ, որոնք շարքին 2 քահանաներ, 7 կրօնաւորներ e 17 մայրապետներ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

27 եւ 28 Մայիսին Մոնկոլիայէն Պուտիսթներու պատուիրակութիւն մը կ՛այցելէ Վատիկան յիշատակելու համար Ասիական երկրին մէջ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ներկայութեան 30 ամեակը եւ Վատիկանի ու Մոնկոլիայի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններուն հաստատման 30րդ տարեդարձը։

Ուրբաթ 27 Մայիսին պատուիրակութեան անդամները հանդիպում կ՛ունենան Միջ-Կրօնական երկխօսութեան Քահանայապետական Խորհուրդի անդամներուն հետ ու կէսօրէն ետք կ՜այցելեն Վատիկանի թանգարանները մինչ վաղը` շաբաթ 28 Մայիսին նախատեսուած է անոնց հանդիպումը Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ։

Յայտնենք թէ Մոնկոլներու քրիստոնէութեան հետ առաջին շփումը տեղի ունեցած է վաղ ժամանակներուն։ Նեսթորականութիւնը Չինաստան մուտք գործած է Զ եւ Է դարերուն։ Ֆրանչիսկեան կրօնաւորներր Մոնկոլիա կը հասնին ԺԲ դարուն։

1911-ին Մոնկոլիան կ՛անկախանայ Չինաստանէն եւ այդ թուականներէն ետք է որ Մոնկոլիայի մէջ առաքելութիւնը նոր թափ մը կը ստանայ։ 14 Մարտ 1922ին կը հաստատուի Մոնկոլիայի առաջին առաքելութիւնը, զոր Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ վերածեց Ուլան Պաթորի Առաքելական Կուսակալութեան։ Այդ ժամանակ եկեղեցին ունէր 116 հաւատացեալ, որոնք շարքին 2 քահանաներ, 7 կրօնաւորներ e 17 մայրապետներ։

2003 թուականէն մինչեւ 2018 Մոնկոլիայի առաջին եպիսկոպոսը եղաւ Ֆիլիփինցի գերապայծառ Վենչեզլաօ Սելկա Փատիլլա եւ 28 օգոստոս 2016 Մոնկոլիան ունեցաւ իր առաջին բնիկ քահանան` յանձինս Հայր Ժոզէֆ Էնք Պիին։

2012-ի տուեալներու համաձայն Մոնկոլիայի մէջ կաթողիկէներուն թիւը 835 էր։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/05/2022, 09:42