Որոնել

Երիտասարդներ աղօթքի ժամանակ Երիտասարդներ աղօթքի ժամանակ 

Հրաւէր աղօթելու սինոդին ու եկեղեցիներու միութեան համար։

Եպիսկոպոսներու սինոդի ընդհանուր քարտուղար կարդինալ Մարիօ Կրէքն ու քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ կարդինալ Քուրտ Քոխ, համատեղ նամակը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Եպիսկոպոսներու սինոդի ընդհանուր քարտուղար, կարդինալ Մարիօ Կրէքն ու քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ, կարդինալ Քուրտ Քոխ, համատեղ նամակով մը աշխարհի բոլոր քրիստոնեաները կը հրաւիրեն աղօթելու քրիստոնեաներու միութեան համար, ինչպէս նաեւ առաջարկներ կը փոխանցեն տեղական եկեղեցիներու մէջ սինոդական գործընթացին համամիութենական հարթութիւնը իրականացնելու համար։

Ունկնդրէ լուրը

Համատեղ նամակի մէջ կը նշուի, թէ 2022 տարուան քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը, որ ունի իբրեւ նիւթ. «աստղը տեսանք եւ եկանք երկրպագելու» բեղուն առիթ է բոլոր քրիստոնեաներուն աղօթելու, որպէսզի սինոդը զարգացնէ միութիւնը ու սինոդը ընթանայ համամիութենական հոգիին մէջ։

«Ինչպէս մոգերը, նաեւ քրիստոնեաները միասնաբար կը քալեն առաջնորդուած երկնային միեւնոյն լոյսէն ու կը հանդիպին աշխարհ խաւարին»։ գրուած է նամակին մէջ ու աւելցուած, որ այդ քրիստոնեաները նաեւ կանչուած են Յիսուսին երկրպագելու ու բանալու իրենց գանձերը։»

Երկու կարդինալները համատեղ նամակի մէջն կը հրաւիրեն քրիստոնեաները միասնաբար քալելու ու աղօթելու՝ Քրիստոսի մօտենալուն ինչպէս նաեւ իրարու նեցուկ կանգնելու համար։

Համատեղ անմակին աւարտին նշուած է հետեւեալ աղօթքը՝ ներշնչուած միութեան նիւթէն։

«Երկնաւոր հայր մոգերուն նման, որ դէպի Բեթղեհէմ ճամբորդեցին առաջնորդուած աստղէն, այսպէս քու երկնային լոյսովդ առաջնորդէ կաթողիկէ եկեղեցին, որպէսզի ընթանայ բոլոր քրիստոնեաներու հետ այս սինոդականութեան ժամանակաշրջանին։»

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/01/2022, 10:32