Որոնել

Միւնխընի թեմին մէջ չարաշահումների մասին տեղեկագիրի ներկայացում Միւնխընի թեմին մէջ չարաշահումների մասին տեղեկագիրի ներկայացում 

Ներկայացուած է Միւնխընի թեմին մէջ չարաշահումներու մասին տեղեկագիրը. 74 տարուայ ընթացքին 497 զոհ։

Վերանորոգելով ամօթի և զղջումի զգացումները` հոգևորականներու կողմէն անչափահասներու դէմ գործադրուած չարաշահումներուն համար՝ Սուրբ Աթոռը բոլոր զոհերուն կ՜ապահովէ մօտիկութիւն եւ կը վերահաստատէ առնուած քայլն ու ճանապարհը` պաշտպանելու համար ամենափոքրիկները, անոնց երաշխաւորելով անվտանգ միջավայր»:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

1945էն մինչեւ 2019, 74 տարուայ ընթացքին, Գերմանիայի Մոնաքօ – Ֆրիզինկա թեմէն ներս ոտնձգութիւններուն զոհերուն թիւը առ նուազն 497 է, որոնց 247ն արական սեռի պատկան, մինչ 182-ն իգական սեռի, իսկ չարաշահումներու թիրախ դարձած զոհերուն 60 առ հարիւրը 8-14 տարեկան է։

Ոտնձգութիւններուն դերակատարները հուսկ 235 հոգի են, որոնցմէ 173-ն քահանաներ, ինն սարկաւագներ, հինգը` հովուական գործունէութեամբ զբաղողներ եւ 48-ն դպրոցական ասպարէզին մաս կազմող անձեր։

Ասոնք ենք տուեալները. որոնք ի յայտ կու գան Միւնխընի մէջ «Westpfahl Spilker Wast»իրաւաբանական ընկերութաեն կողմէ հրապարակուած զեկոյցէն, որուն ի լուր Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը` Տիար Մաթթէօ Պրունի, հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի հետեւեալը.

«Սուրբ Աթոռը մտադիր է պատշաճ ուշադրութիւն դարձնել փաստաթուղթին, որուն բովանդակութեան մասին այս պահին տակաւին տեղեակ չէ։ Յառաջիկայ օրերուն, անոր հրապարակումէն յետոյ ու զայն կարդալէ ետք կը կարողանայ պատշաճ կերպով ուսումնասիրել մանրամասնութիւնները։

Վերանորոգելով ամօթի և զղջումի զգացումները` հոգևորականներու կողմէն անչափահասներու դէմ գործադրուած չարաշահումներուն համար՝ Սուրբ Աթոռը բոլոր զոհերուն կ՜ապահովէ մօտիկութիւն եւ կը վերահաստատէ առնուած քայլն ու ճանապարհը` պաշտպանելու համար ամենափոքրիկները, անոնց երաշխաւորելով անվտանգ միջավայր»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/01/2022, 14:00