Որոնել

Պէյրութ Պէյրութ 

Գերապայծառ Կալլակէր կը մեկնի Լիբանան իր հետ տանելով Քահանայապետին մօտիկութիւնը։

Դիւանագիտական յարաբերութիւններու 75րդ ամեակէն բացի, այս տարի կը յիշատակուի նաեւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի լիբանան կատարած առաքելական այցելութեան 25 ամեակը, ինչպէս նաեւ տասը տարիներ առաջ` 2012-ին, Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետին առաքելական ճամբորդութեան տարեդարձը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ 31 յունուարէն մինչեւ 4 փետրուար Վատիկանի Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու Քարտուղարը Գերապայծառ Փոլ Կալլակէր պաշտօնական այցով կը մեկնի Լիբանան, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ տեղական քաղաքական եւ կրօնական իշխանութիւններուն հետ, Մայրիներու Երկրի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու 75րդ ամեակի նշումին ծիրէն ներս։

Ճամբորդութիւն մը, որ կ՛ուզէ արտայայտել Ֆրանչիսկոս Պապին մօտիկութիւնը Լիբանանի ժողովուրդին ու եկեղեցւոյ, անոնց ապրած այս դժուար ու տառապանքի ժամանակներուն առիթով։

Յիշարժան թուականներ

Դիւանագիտական յարաբերութիւններու 75րդ ամեակէն բացի, այս տարի կը յիշատակուի նաեւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի լիբանան կատարած առաքելական այցելութեան 25 ամեակը, 1997-ի 10 մայիսին «Լիբանանի համար նոր յոյս» յետ սիւնհոդոսական առաքելական յորդորագիրի ստորագրութեան առթիւ, որ պտուղն էր 1995-ին Հռոմի մէջ կայացած ու Մայրիներու Երկիրն նուիրուած եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսին։ Կը յիշատակուի նաեւ տասը տարիներ առաջ` 2012-ին, Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետին առաքելական ճամբորդութիւնը, որուն առթիւ Ան եւս ստորագրեց յետ սիւնհոդոսական յորդորագիր մը, այս անգամ նուիրուած Համայն Միջին Արեւելքի Եկեղեցւոյ, որ պտուղն էր 2010ի Միջին Արեւելքին նուիրուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին։

Հանդիպումներ

Իր կեցութեան ընթացքին Գերապայծառ Կալլակէր պիտի հանդիպի Երկրին պատկան իշխանութիւններուն, Պատրիարքներուն, կաթողիկէ եւ օրթոտոքս եպիսկոպոսներուն ինչպէս նաեւ իսլամ կրօնապետերուն ու մշակոյթի աշխարհի պատկան անձնաւորութիւններուն։

Ան պիտի այցելէ նաեւ քրիստոնեայ հասարակութիւններու կարեւոր վայրեր եւ պիտի մասնակցի «Յովհաննէս Պօղոս Բ եւ Լիբանանը» խորագիրով ուսումնաժողովի բացման արարողութեան, որ կազմակերպուած է Քասլիքի Սուրբ Հոգի Համալսարանին կողմէ։

Քահանայապետին մօտիկութիւնը

Նշենք որ Սրբազան Քահանայապետն ու Սուրբ Աթոռը մօտէն կը հետեւին Լիբանանի իրադարձութիւններուն։

Անցեալ 10 Յունուարին Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմնի անդամներուն ուղղած իր ճառին մէջ Սրբազան Պապը նորոգած էր իր աղօթքը ի նպաստ «Սիրելի լիբանանցի ժողովուրդին, որ կը գտնուի տնտեսական և քաղաքական ճգնաժամի մէջ, որ կը դժուարի լուծումներու հանգելու» յոյս յայտնելով` որ «անհրաժեշտ բարեփոխումները և միջազգային հանրութեան աջակցութիւնը նպաստեն, որպէսզի Երկիրը հաստատուն մնայ իր ինքնութեան մէջ՝ որպէս այնտեղ ներկայութիւն ունեցող տարբեր կրօններու միջև խաղաղ գոյակցութեան և եղբայրութեան տիպար»:

Տէր Աստուած, ձեռքէն բռնէ Լիբանանը եւ անոր ըսէ. վեր կանգնիր

Անցեալ տարուայ 25 նոյեմբերին եւս Վատիկանի մէջ ընդունելով Լիբանանի Վարչապետը` Տիար Նաժիպ Միքաթին, Քահանայապետը հաստատած էր, որ Լիբանանը «պատգամ ու խոստում մըն է` որուն համար կ՛արժէ պայքարիլ» աւելցնելով հետեւեալ աղօթքը. «Տէր Աստուած, ձեռքէն բռնէ Լիբանանը եւ անոր ըսէ. վեր կանգնիր»։

4 օգոստոս 2021-ի հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապը յիշելով մէկ տարի առաջ Լիբանանի նաւահանգիստին պայթումը, կոչ ուղղած էր միջազգային հասարակութեան, որպէսզի «օգնէ Լիբանանին` կատարելու համար «յարութեան» ընթացք մը, գործնական արաքներով եւ ոչ միայն բառերով»։

Իսկ 2021ի Յուլիսին սկիզբը` Վատիկանի մէջ գումարուած Լիբանանին ի նպաստ աղօթքի եւ խորհրդածութեան օրուան առթիւ Սրբազան Պապը զօրեղ կերպով դատապարտած էր «քիչերուն շահերը» որոնք կը գերակշռեն «շատերու մորթին վրայ»։

«Բաւ է Միջին Արեւելքը եւ Լիբանանը օգտագործել օտար շահերու համար։ Պէտք է որ լիբանանցիներուն կարելիութիւն տրուի, որպէսզի անոնք ըլլան աւելի լաւ ապագայի դերակատարները, իրենց Երկրին մէջ, առանց անհարկ միջամտութիւններու» ըսած էր Ֆրանչիսկոս Պապը մաղթելով` որ «վերանայ հակամարտութիւններու գիշերը եւ դարձեալ ծագի յոյսին արշալոյսը։ Թող թշնամութիւնները դադրին, տարաձայնութիւնները մարին, և Լիբանանը վերադառնայ՝ ճառագելու խաղաղութեան լոյսը» ըսած էր Ան:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/01/2022, 11:53