Որոնել

Սուրբ Ծննդեան տօնածառը ժամանեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակ։ Սուրբ Ծննդեան տօնածառը ժամանեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակ։  

Սուրբ Ծննդեան տօնածառը ժամանեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակ։

Այս 46րդ ծննդեան տօնածառն է որ կը զետեղուի ս. Պետրոսի հրապարակին վրայ տրուած ըլլալով, որ սոյն աւանդութիւնը սկիզբ առած է 1982ին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ երջանկայիշատակ Քահանայապետի օրով։

Վատիկան Նիուզ - Հայկական բաժին

Ունկնդրէ լուրը

Իտալիոյ Թրենթինօ նահանգի Անտալօ գիւղէն 28 մեթր բարձրութեամբ տօնածառը որ սահմանուած է զետեղուելու Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կառուցուելիք սուրբ Ծնունդը խորհրդանշող մսուրին մօտ, երեքշաբթի 23 նոյեմբերին ժամանեց սուրբ Պետրոսի հրապարակ եւ արդէն զետեղուեցաւ այնտեղ ու սկսան անոր զարդարման աշխատանքները։

Տօնածառը մսուրին հետ միասին հրապարակին վրայ պիտի մնայ մինչեւ 9 յունուար 2022։ Այս 46րդ ծննդեան տօնածառն է, որ կը զետեղուի ս. Պետրոսի հրապարակին վրայ տրուած ըլլալով, որ սոյն աւանդութիւնը սկիզբ առած է 1982ին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ երջանկայիշատակ Քահանայապետի օրով։

Նշենք թէ տօնածառին մօտ կառուցող այս տարուայ սուրբ Ծննդեան մսուրը կը ժամանէ Փերուի «Huancavelica» մարզի Չոփքա գիւղէն ու թէ Սուրբ Ծննդեան տօնածառի եւ մսուրին լուսաւորութիւնը նախատեսուած է 10 դեկտեմբերի ժամը 17-ին, նախագահութեամբ Վատիկան Քաղաք Պետութեան կառավարութեան նախագահ Գերապայծառ Ֆերնանտօ Վերկէս Ալծակայի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/11/2021, 08:00