Որոնել

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին 

Աֆղանիստան. Կարդինալ Փարոլին. Կարելի էր խուսափիլ այդ տառապանքէն։

Ավելլինօ քաղաքի Մոնթեվերճինէ Սրավայրին տուած այցելութեան առթիւ Վատիկանի Պետական քարտուղարը անդրադարձաւ Աֆղանիստանի մէջ տիրող կացութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Աֆղանիստանի մէջ իրավիճակը խրթին է, կարելի էր Արեւմուտքի զօրքերուն հեռանալու որոշումին հասնիլ, սակայն աւելի կարգաւորուած ձեւով եւ առանց այդ բոլոր տառապանքի ստեղծումին։ Գաղափարն է սա Վատիկանի Պետական Քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին, որ անցեալ օրերուն այցելութիւն տուաւ Ավելլինօ քաղաքի Մոնթեվերճինէ Սրբավայրին, ուր նախագահեց Սուրբ Պատարագին փակումը կատարելով Սրբավայրի Տիրամօր նուիրուած տօնախմբութիւններուն։

Ծիրանաւորը բացատրեց թէ Վատիկանը կը ջանայ կացութեան հետեւիլ մարդասիրական տեսակէտով շարունակելով կապի մէջ մնալ այնտեղ գործող կազմակերպութիւններուն հետ։

Կարելի եղաւ տուն վերադարձնել Քահանան ու Մայր Թերեզայի քոյրերը, որոնք կը գտնուէին Աֆղանիստանի մէջ եւ որոնք չէին ուզեր լքել իրենց հոգատարութեան տակ գտնուող երախաները, նշեց Կարդինալ Փարոլինը ընդգծելով` որ այդքան բռնութեան իրավիճակներու դիմաց կան նաեւ սիրոյ արարքներ, որ կը պարգեւեն ուրախութիւն եւ յոյս` թէ կարելի է աւելին ընել ու աւելի լաւ կերպով կատարել գործերը։

Կարդինալ Փարոլինը վերահաստատեց հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը հայող պատուաստումին, թէ «ան սիրոյ արարք է, ըլլայ մեր անձին ըլլայ միւսներուն նկատմամբ, ու է նաեւ պատասխանատուութեան արարք», կոչ ուղղելով քաջութեամբ դիմագրաւելու առողջապահական մարտահրաւէրները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/09/2021, 09:51