Որոնել

Պէյրութի նաւահանգիստը մէկ տարի ետք Պէյրութի նաւահանգիստը մէկ տարի ետք 

Սուրբ Աթոռը Լիբանանի օժանդակութեան միջազգային համաժողովին. Օգնենք որ ան աւելիով անդնդասոյզ չըլլայ։

«Օգնենք Լիբանանին որպէսզի այս ծանր տագնապին համար գտնէ ելքի ճամբայ: Օգնենք անոր ժողովուրդին չի կորսնցնելու յոյսը եւ լիբանանցիներուն տանք հնարաւորութիւն` դառնալու դերակատարներ իրենց հայրենիքին աւելի լաւ ապագայի մը համար, առանց անհարկի միջամտութիւններուն»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Վատիկանի Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու ենթաքարտուղար Գերապայծառ Միրոսլավ Վաչովսքի լսատեսողական պատգամով մը իր մասնակցութիւնը բերաւ այսօր գումարուած Ֆրանսայի եւ ՄԱԿ-ի կողմէ կազմակերպուած Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն մէկ տարի ետք Լիբանանի օժանդակութիւններ յատկացնելու եւ օգնութիւններ տրամադրելու նուիրուած հանդիպումին, ընդգծելով հարկաւորութիւնը Լիբանանցիներուն տալու հնարաւորութիւն` դառնալու իրենց ապագային դերակատարները։

Թոյլ չտալ որ երկիրը անդնդասոյզ ըլլայ

Իր ներկայացուցած զեկոյցին մէջ գերապայծառ Վաչովսքի կրկնեց Ֆրանչիսկոս Պապին անցեալ մէկ Յուլիսին Լիբանանի համար աղօթքի եւ խորհրդածութեան օրուան առթիւ ուղղած կոչին բառերը «թոյլ չտալ որ երկիրը անդնդասոյզ ըլլայ» այլ զարկ տայ վերականգումի ուղեւորութեան։

«Սուրբ Աթոռին առաջնային մաղթանքն է, որ այս հաւաքը տնտեսական օժանդակութիւն մատուցելով Երկրին, խթանէ նաեւ պայմանները, որպէսզի Լիբանանը աւելիով անդնդասոյզ չըլլայ այլ սկսի վերականգնումի ու վերելքի նոր ճանապարհ մը `որ նպաստաւոր ըլլայ բոլորին համար» ըսաւ ի մէջ այլոց Վատիկանի դիւանագէտը։

350 միլիոն տոլար

Վերոնշեալ հաւաքին նպատակն է Լիբանանին համար հաւաքել 350 միլիոն տոլար դիմագրաւելու համար Երկրին ու ժողովուրդին անմիջական կարիքները։

Վատիկանի Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու ենթաքարտուղարը շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնին ինչպէս նաեւ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէսին ձեռնարկը կազմակերպելուն համար ու շնորհակալական խօսք ուղղեց նաեւ միջազգային հասարակութեան որ «արագ, անմիջական ու վեհանձնութեամբ գործի լուծուեցաւ օգնութեան հասնելու Պէյրութի բնակչութեան», այս ծիրէն ներս մատնանշելով նաեւ Սուրբ Աթոռի եւ Կաթողիկէ հաստատութիւններուն մատուցած մարդասիրական ծառայութիւններուն։

Լիբանանի համակեցութեան կոչումը

Լիբանանը մեծ երկիր մըն է` որ կը վկայէ դարերու հոլովոյթին ամրապնդուած համակեցութեան եզակի փորձառութիւնն մը եւ այս պատճառով ալ կարելի չէ զայն մինակ թողուլ ճակատագրի տարուբերումներու ու սեփական շահեր փնտռող ցանցերուն մէջ» նշեց գերապայծառ Վաչովսքի իր ելոյթին մէջ աւելցնելով «Լիբանանը երկիր ըլլալէ աւելին է, ան տիեզերական պատգամ է խաղաղութեան եւ եղբայրութեան որ կը բարձրանայ միջին արեւելքէն» ինչպէս վերջերս յիշած էր Ֆրանչիսկոս Պապը եւ անորմէ առաջ նաեւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ։

Անհրաժեշտ ու հիմնական է առ այդ որ Լիբանանը շարունակէ ապրիլ իր այս յատուկ կոչումը եւ որպէսզի այս մէկը իրականացուի «կարիքը կայ բոլորի յանձնառումին» ու հարկաւոր է ինչպէս նշեց միշտ վերջերս Ֆրանչիսկոս Պապը որ «անոնք որոնք իշխանութեան տէր են, իրենք զիրենք դնեն ի սպաս խաղաղութեան իսկական ծառայութեան եւ ոչ թէ սեփական շահերուն։ Բաւ է քիչերուն շահերը շատերու մաշկի վրայ» շեշտած էր Սրբազան Պապը։

Օգնել լիբանանին շօշափելի արարքներով

«Օգնենք Լիբանանին որպէսզի այս ծանր տագնապին համար գտնէ ելքի ճամբայ» եղաւ հուսկ Վատիկանի դիւանագէտին կոչը։ Օգնենք անոր ժողովուրդին չի կորսնցնելու յոյսը եւ լիբանանցիներուն տանք հնարաւորութիւն դառնալու դերակատարներ իրենց հայրենիքին աւելի լաւ ապագայի մը համար, առանց անհարկի միջամտութիւններուն։ Օժանդակենք Լիբանանին վերսկսելու համար Յարութեան ուղեւորութիւն մը` շօշափելի արարքներով» կոչ ուղղեց Գերապայծառ Վաչովսքի անգամ մը եւս մէջբերելով Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/08/2021, 14:30