Որոնել

Կարդինալ Էտուարտօ Մարթինէս Սոմալօ։ Կարդինալ Էտուարտօ Մարթինէս Սոմալօ։ 

հոգին աւանդեց առ Հայր Կարդինալ Էտուարտօ Մարթինէս Սոմալօ։ Քահանայապետին ցաւակցութիւնները։

Նորին Սրբութիւնը յիշեց Կարդինալ Մարթինըսի պտղատու հոգեւոր վկայութիւնը ու անոր Սուրբ Աթոռին եւ Եկեղեցւոյ ի սպաս մատուցած ծառայութիւնը եւ վեց քահանայապետերու հետ անոր համագործակցութիւնը, ստանձնելով կարեւոր եւ նուրբ պաշտօններ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

94 տարեկանին Վատիկանի մէջ հոգին աւանդեց առ Հայր Սպանացի Կարդինալ Էտուարտօ Մարթինէս Սոմալօ։ Ան եղած է Նուիրեալ Կեանքի գերատեսչութեան կառավարիչը։

Կարդինալ Սոմալոյի կեանքը յատուկ կերպով կապուած է Հռոմ քաղաքին հետ։

Սպանացի ծիրանաւորը յաւիտենական քաղաք կը ժամանէ Քահանայական ձեռնադրութենէն առաջ ուր Սպանական Քահանայապետական վարժարանէն ներս կը կատարելագործէ իր աստուածաբանական եւ եկեղեցական օրէնսդրութեան ուսմունքները, յաճախելով Յիսուսեաններու Գրիգորեան Քահանայապետական համալսարանը։

Քահանայական ձեռանդրութիւն եւ դիւանագիտական ասպարէզ

Հռոմի մէջ Ան կ՜ընդունի Քահանայական ձեռնադրութիւնը` 1950ին, ապա կը յաճախէ Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական ակադեմիան։ 1956ին ան կը սկսի իր դիւանագիտական ասպարէզը մաս կազմելով Պետական Քարտուղարութեան եւ ստանձնելով Սպանական Բաժանմունքի պատասխանատուութիւնը, որուն բերումով 1968ի օգոստոսին, Պօղոս Զ Քահանայապետին կ՛ընկերանայ Քոլոմպիա կատարած առաքելական ուխտագնացութեան, Սուրբ Հաղորդութեան Միջազգային 39րդ համագումարին առիթով։

Կարդինալական Աստիճանն ու առաքելութիւնը

14 տարիներ ամբողջ վատիկանի մէջ պաշտօնավարելէն ետք 1970ին կը ստանձնէ Մեծն Պրիթանիայի առաքելական նուիրակութեան մօտ խորհրդականի պաշտօնը սակայն վեց ամիսներ ետք կը կանչուի Վատիկան, ուր կը դառնայ Վատիկանի Պետական Քարտուղարութեան տեղակալի օգնականը, մինչեւ 1975, երբ Պօղոս Զ քահանայապետը զինք կը նշանակէ Քոլոմպիայի մօտ առաքելական նուիրակ, ուր կը մնայ չորս տարի, հուսկ դարձեալ Վատիկան կը կանչուի այս անգամ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ օրով` 1979ին, նշանակուելով Պետական Քարտուղարութեան տեղակալ եւ 1988ին կ՛արժանանայ կարդինալական աստիճանին ու կ՛անուանուի Աստուածային Պաշտամունքի ու Խորհուրդներու մատակարարման Ժողովի կառավարիչ։ 1992ին Ան թողելով սոյն պաշտօնը կը ստանձնէ Նուիրեալ Կեանքի եւ Առաքելական կեանքի հաստատութիւններու ժողովի գերատեսչութեան ղեկավարութիւնը։

31 մարտ 1997ին Կարդինալ Մարթինէս Սոմալօ տարիքի բերումով իր հրաժարականը կը ներկայացնէ շարունակելով ապրիլ Վատիկանէն ներս մինչեւ իր մահը։

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցութիւնները։

Ի լուր Կարդինալ Էտուարտօ Մարթինըսի մահուան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ցաւակցական հեռագիր մը յղեց Անոր թոռնիկին, որուն մէջ իր ցաւակցութիւններն ու մօտիկութիւնը փոխանցեց ընտանիքի բոլոր անդամներուն ու բոլոր անոնց` որոնք ճանչցած էին Ծիրանաւորին։

Հինգ Քահանայապետերու համագործակիցը

Նորին Սրբութիւնը յիշեց ապա Կարդինալ Մարթինըսի պտղատու հոգեւոր վկայութիւնը ու անոր Սուրբ Աթոռին եւ Եկեղեցւոյ ի սպաս մատուցած ծառայութիւնը եւ վեց քահանայապետերու հետ անոր համագործակցութիւնը, ստանձնելով կարեւոր եւ նուրբ պաշտօններ։

Սրբազան Պապը հայցեց Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը Տիրոջմէ խնդրելով` որ երջանկայիշատակ Ծիրանաւորը ընդունի Երկնքի արքայութեան մէջ, որպէսզի ան վայելէ այն երանութիւնը, որ խոստացուած է Աւետարանի ծառաներուն։

Քահանայապետը պատգամը աւարտեց իր առաքելական օրհնութիւնը ապահովեցնելով բոլոր անոնց` որոնք կ՛ողբան անոր մահը, յատուկէն յիշելով նաեւ Յաւիտեան Քահանայ Յիսուսի միսիոնարներ միաբանութեան մայրապետները, որոնք սիրով խնամք տարին ննջեցեալին։

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը

Յայտնենք թէ Կարդինալ Սոմալոյի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը նախատեսուած է յառաջիկայ 13 օգոստոսի առաւօտեան, ժամը 11ին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոս մայր տաճարին մէջ։ Արարողութիւնը պիտի գլխաւորէ Կարդինալական դասին աւագերէցը` Կարդինալ Ճովաննի Պաթթիսթա Ռէ, մասնակցութեամբ Կարդինալական ու եպիսկոպոսական դասին։

Կարդինալական դասը

Կարդինալ Սոմալոյի մահով կարդինալական դասը այժմ կազմուած է 219 կարդինալներէ որոնցմէ 123ը Քահանայապետ ընտրելու իրաւունքով կարդինալներ իսկ 96ն ոչ ընտրող։

 

Վերջին թարմացում  11 օգոստոս 2021 ժամը 12.50

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/08/2021, 15:00