Որոնել

Կարդինալ Լորան Մոնսենկվօ Փազինիա Կարդինալ Լորան Մոնսենկվօ Փազինիա 

Մահացած է Կարդինալ Մոնսենկվոն` հաշտութեան մարդ։

Կարդինալ Մոնսենկվոյի մահուամբ կարդինալական դասը այժմ կազմուած է 221 կարդինալներէ, որոնցմէ 124ն Քահանայապետ ընտրելու իրաւունքով կարդինալներ իսկ 97-ն ոչ ընտրող։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Քոնկոյի ժողովրդավարական հանրապետութեան քաղաքացի Կարդինալ Լորան Մոնսենկվօ Փազինիան 81 տարեկանին իր հոգին աւանդեց առ հայր Ֆրանսայի Վերսայլ քաղաքին մէջ ուր Յուլիս ամսուայ սկիզբէն ի վեր խնամքի տակ էր ծանր հիւանդութեան մը պատճառաւ։

Անոր մահը մեծ կսկիծ յառաջացուց Քոնկոյի հանրապետութեան հաւատացեալներուն մօտ որոնց համար ծիրանաւորը «միջազգային հեղինակութեամբ» մարդ է, որ իր կեանքը նուիրեց «կառուցելու աւելի արդար աշխարհ մը»։

Քահանայապետի խորհրդատու կարդինալական խորհուրդի անդամ

Կարդինալ Մոնսենկվոն Ֆրանչիսկոս Պապի կամքով մաս կազմած է Քահանայապետին անմիջական խորհրդատու Կարդինալական Խորհուրդին։ Պաշտօն որմէ ան հրաժարեցաւ 2018ի դեկտեմբեր 12ին։

Խաղաղութիւն եւ արդարութիւն

Կարդինալ  Մոնսենկվոն միշտ առաջնագիծի վրայ եղած է Քոնկոյի մէջ խաղաղութեան գործընթացքի ծիրէն ներս շօշափելի եւ գործնական կերպով օժանդակելով այդ գործընթացին ու շատ անգամ քննադատելով նաեւ քաղաքական գործիչներուն սխալ ընթացքը ու դատապարտելով կառավարութեան բռնարարքները։

Խաղաղութիւնն եւ արդարութիւնը եղած են Ծիրանաւորին նպատակները մինչեւ անոր կեանքի վերջին օրերը ինչպէս յայտարարեցին նաեւ Ֆրանսայի եպիսկոպոսները աշխարհին հաղորդելով անոր մահուան լուրը։

Խաղաղութեան մարդ

Ֆրանսայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ Գերապայծառ Էրիք Տը Մուլէն Պոֆորդ զայն նկարագրեց որպէս «խաղաղութեան մարդ որ յանձնառու էր իր երկրի մէջ խաղաղութեան եւ հաշտութեան համար»։ Ան եղաւ վճռական ու քաջ մարդ մը, որ առանց զիջումներու ի յայտ դրաւ քաղաքական մարդոց չարաշահումներն ու փոխզիջումները»։

Կարդինալ Մոնսենկվոն ծնած էր ութը զաւակներով ընտանիքի մը յարկին տակ 1939 թուականին։ Քահանայ ձեռնադրուած է 1963 ին, ապա Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ օրով` 1980 թուականին ընդունած է եպիսկոպոսական օծումը։ Կարդինալական տիտղոսը ընդունած է ձեռամբ Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետին` 20 նոյեմբեր 2010ին։

Յուղարկաւորութիւնը Քոնկոյի մէջ

Կարդինալ Մոնսենկվոյին աճիւնները առաջիկայ օրերուն կը փոխադրուին Քոնկոյի մայրաքաղաք ուր տեղի պիտի ունենայ նաեւ անոր յուղարկաւորութիւնը։

Կարդինալ Մոնսենկվոյի մահուամբ կարդինալական դասը այժմ կազմուած է 221 կարդինալներէ, որոնցմէ 124ն Քահանայապետ ընտրելու իրաւունքով կարդինալներ իսկ 97-ն ոչ ընտրող։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/07/2021, 15:00