Որոնել

Սուրբ Երկիր Սուրբ Երկիր 

ՌՈԱՔՕ-ի 94-րդ ընդհանուր ժողովին կեդրոնական նիւթն է միջին արեւելքի եւ Սուրբ Երկրի վիճակը։

Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովին տեղեկագիրը ՌՈԱՔՕ ի 94-րդ ընդհանուր ժողովին վերաբերեալ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 21 յունիսին, Արեւելեան եկեղեցիներուն ժողովը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը տեղեկացնելով որ երկուշաբթի 21 Յունիս- հինգշաբթիէ 24 Յունիս Հռոմի Քազա Պոնուս տան մէջ կը գումարուի ՌՈԱՔՕ ի ընդհանուր ժողովը։
Ժողովին բացումը պիտի կատարուի երկուշաբթի յետմիջօրէին ժամը 4ին։

Ունկնդրէ լուրը

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի թէ երեքշաբթի, 22 յունիսին, ժամը 8.30ին, արեւելեան եկեղեցիներու ժողովին կառավարիչ, կարդինալ Լեոնարտօ Սանտրի, կը նախագահէ ՌՈԱՔՕ ժողովին ընդհանուր ժողովին բացման առիթովսուրբ Պատարագին, որուն ընթացքի աղօթք պիտի բարձրացուի նաեւ կենդանի եւ մահացած բարերարներուն դիտաւորութեամբ, յանձնելով Տիրոջ եւ Աստուածամօր բարեխօսութեան ՌՈԱՔՕի բոլոր ծրագիրները, յատուկէն այն երկիրները որոնք կը շարունակեն տառապիլ բռնութիւններուն հետեւանքով, ընկերային եւ քաղաքական անկայունութեան պատճառաւ՝ ծանրացած համաճարակէն ետք։

ՌՈԱՔՕ ի ժողովին առաջին նստաշրջանին քննարկումի նիւթի պիտի ըլլան Սուրբ Երկրի կացութիւնը որուն մասին պիտի զրուցեն Երուսաղեմի Լատինաց պատրիարք գերապայծառ Պիերպաթիսթա Փիցապալա, Սիոնի լերան պահակ Եղբայր Ֆրանեչսքօ Փալին, եւ Եղբայր Պրայ։

Երեքշաբթի, 22 յունիսին, ժողովի երկրորդ նստաշրջանին պիտի քննարկուին Եթովպիոյ ,հայաստանի եւ վրաստանի հայող նիւթեր, շնորհիւ յիշեալ երկիրներու համապատասխանող Առաքելական նուիրակներուն ,յանձին Գերապայծառ Անթուան Քամիլերին եւ Գերապայծառ Խօսէ Աւելինօ Պեթենքուրին։

Չորեքշաբթի, 23 յունիսին, առաւօտեան ՌՈԱՔՕ ժողովին նիւթը պիտի հանդիսանա միջին արեւելքի կացութիւնը, որուն մասին պիտի զրուցեն Սուրբ Աթոռի պետութիւններու հետ յարաբերութեան քարտուղար գերապայծառ Ռիչարտ Կալլակեր , Սուրիոյ մէջ քահանայապետական ներկայացուցիչ Կարդինալ Մարիօ Զենարի, Լիբանանի մէջ Քահանայապետական ներկայացուցիչ Գերապայծառ Ժոզէֆ Սփիթերի եւ Իրաքի մէջ քահանայապետական ներկայացուցիչ գերապայծառ Միթժա Լեսքովար։

ՌՈԱՔՕ 94-րդ ընդհանուր ժողովին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ՌՈԱՔՕի մաս կազմող կաթողիկէ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի պատասխանատուներ, եւ Վատիկանի Պետական քարտուղարութեան պետութիւններու հետ յարաբերութեան բաժանմունքի պատասխանատուները։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/06/2021, 12:08