Որոնել

Կարդինալական խորհուրդի ժողով Կարդինալական խորհուրդի ժողով 

Կարդինալներուն խորհուրդի առցանց հանդիպումը։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 25 յունիսին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը տեղեկացնելով որ հինգշաբթի, 24 յունիսին, տեղի ունեցաւ կարդինալական խորհուրդի առցանց հանդիպում, որուն իրենց նստավայրերէն իրենց մասնակցութիւնը բերին կարդինալ Օսքար Ա Ռոտրիկէց Մարատիակա, Կարդինալ Ռէյնարտ Մարքս, Կարդինալ Սին Փաթրիք Օմալէյ, Կարդինալ Օսվալտ Կրասիաս եւ Կարդինալ Ֆրիտոլին Ամպոնկօ Պէսունկու, մինչ վատիկանէն իրենց մասնակցութիւն բերին կարդինալ Ճուզէփէ Պերդթելլօ եւ կարդինալական խորհուրդի քարտուղարը` Գերապայծառ Մարքօ Մելլինօ։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի թէ Ֆրանչիսկոս Պապ կարդինալական խորհուրդին ժողովին առցանց մասնակցած է կապուելով Սանդա Մարթայի տունէն, մինչ՝ Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին բացակայ գտնուած է այլ պարտականութիւններու հետեւանքով։

Ֆրանչիսկոս Պապին կարճ պատգամէն ետք, ելոյթ ունեցան կարդինալները ներկայացնելով իրենց երկիրներու իրավիճակը յատուկէն համաճարակէն ետք։

Կարդինալ Կրասիաս իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանչիսկոս Պապին Միանամարի մէջ ՝տխուր կացութեան վերաբերեալ յղած խօսքերուն համար։

Մինչ Սրբազան Քահանայապետը իր խօսքին մէջ ընդգծեց ազգային եւ թեմական ծիրերէն ներս սինոդական ուղիներու կարեւորութիւնը, գնահատեց Մոնեվայի տեղեկագիրը, ինչպէս նաեւ Սուրբ Աթոռի տնտեսական եւ ֆինասանական հսկողութեան ձեւերու զարգացումը։

Կարդինալական առցանց ժողովը աւարտեցաւ երեկոյեան ժամը 6ին եւ որոշուեցաւ յառաջիկայ ժողովը գումարել սեպտեմբեր ամսոյն մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/06/2021, 14:35