Որոնել

Վատիկանի դրամատունը։ Վատիկանի դրամատունը։ 

Վատիկանի դրամատան տարեկան հաշուեկշիռը։ Դրամատան շահոյթը տրամադրուած է Նորին Սրբութեան եւ եկեղեցւոյ առաքելութեան։

Վատիկանի դրամատունը յարգած է ֆինանսական տուեալներուն բարձր չափանիշերը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Վատիկանի դրամատունը հրապարակեց 2020 տարուան հաշուեկշիռ ներկայացնելով զայն Կարդինալական խորհուրդին։ Այս մասին հաղորդեց Վատիկանի դրամատունը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ կը նշուի, թէ Վատիկանի դրամատունը յարգած է ֆինանսական տուեալներուն բարձր որակը ու համապատասխանութիւնը միջազգային բարձրագոյն չափանիշերուն։

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոսս Պապին ցուցմունքներու համաձայն, Կարդինալական յանձնաժողովը հաստատեց շահոյթին բաշխումը, անոր 75 առ հարիւրը տրամադրելով Նորին Սրբութեան կամ ալ յատուկ հաստատութիւններուն, իսկ մնացած 25 առ հարիւրը Կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաքելութեան եւ ծառայութեան։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/06/2021, 10:52