Որոնել

Կարդինալ Փարոլին Կարդինալ Փարոլին 

Կարդինալ Փարոլինի քարոզը քահանայապետական զուիցերական պահակագունդի նոր անդամներու երդման արարողութեան առիթով։

Տէրը յատուկ ծրագիր ունին իւրաքանչիւրիս համար, մէզի կ՝իյնայ տալ մէկ բան մը, ամէն օր ապրիլ իր խօսքը «մնացէք իմ մէջս»։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 6 մայիսին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ սուրբ Պատարագ մատուցեց Վատիկանի պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին քահանայապետական զուիցերական պահակագունդի նոր անդամներու երանացման առիթով։

Ունկնդրէ լուրը

Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ ծիրանաւորը իր եւ սուրբ Աթոռի շնորհակալութիւնը յայտնեց քահանայապետական զուիցերական պահակագունդին մատուցած ծառայութեան համար։

Կարդինալ Փարոլին ապա յիշեց 1527 թուականին Հռոմի պատերազմի ժամանակ Սուրբ Պետրոսի յաջորդին պաշտպանութիւնը ձեռամբ 147 զուիցերացի զինուորներուն, քաջալերելով զանոնք շարունակել ծառայել ու պաշտպանել քահանայապետը յիշեալ զինուորներու օրինակով։

Կարդինալ Փարոլին մեկնաբանելով օրուան աւետարանը ուր կը խօսուի մնալ Յիսուսի հետ նշեց որ աւետարանին մէջ մնալ բայը ոչ միայն կը նկարագրէ Յիսուս հետեւելու գործունէութիւնը, այլ Յիսուսի հետ մնալու, հոն ուր կը բնակէր։ Մնալ կը համապատասխանէ կիսել Քրիստոսի անձնական կեանքը։

Յիսուս մեզմէ կը խնդրէ որ հաւատացեալ ըլլալէ զատ դառնանք իր աշակերտները, որովհետեւ Ան չ՝ուզեր մաս մը մեր ժամանակէն։ Յիսուս մեր մէջ կը բնակի ու անոր ներկայութիւնը կը ներնչէ մեր մտածումները ու լոյս կը սփռէ մեր սիրտերուն։

Կարդինալ Փարոլին նշեց որ Յիսուսի յատկութիւններէն է արժէք տալ ամէն բանի եւ կարգաւորել ամէն բան։ Յիսուսի կարգ մը աղքատները դարձուց պատմութեան մարդոց ձկնորսները։ Տէրը յատուկ ծրագիր ունին իւրաքանչիւրիս համար, մէզի կ՝իյնայ անոր տալ մէկ բան մը որ ընկալել զինք ու ամէն օր ապրիլ իր խօսքը «մնացէք իմ մէջս»

Մնալ Յիսուսի մէջ եւ աւետել Յիսուսը , այս է առաքեալին ինքնութիւնը որ Կրնանք ամփոփել երկու բառերու մէջ հաղորդութիւն եւ առաքելութիւնը։ Բառեր որոնց միջոցաւ Վատիկանեան Բ ժողովը նկարագրեց եկեղեցւոյ էութիւնը։ Բառեր որ լաւագոյն կերպով կը նկարագրեն Սուրբ Երրորդութեան կեանքը։ Բանալի բառեր նաեւ մեզի համար։

Կարդինալ Փարոլին քաջալերեց ապրիլ այսօրուան երդման արարողութեան հոգիով նկատել տալով որ երդումը չներկայացներ լոկ կարեւոր ու հանդիսաւոր քայլ մը այլ պահակագունդի անդամներուն ծառայութիւն կարեւոր ու յատուկ առաքելութիւն է,որոնց կեանքը բնորոշուած է կարգ մը պահերով որոնց կը պատասխանեն ամեէնն բարձր կոչումներուն։ Սուրբ պսակի եւ քահանայութեան «այո»ին։ Կարդինալ Փարոլին յայտնեց թէ կան նաեւ ,խորհդաւոր պահեր որոնց մէջ կ՝ընդգրկենք ներքին պատրաստակամութիւնները արտայայտելու համար անձնական ներքին պարգեւը, որ կ՝արտայատէ աւելի խորունկ դիտաւորութիւններ։

Այսօրէ սիրելի պահակներ կը յայտարարէք ձեր կամքը, ձեր կեանքը տալու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։ըսաւ  Կարդինալ Փարոլին, ան ապա քարոզը աւարտեց ապահովեցնելով իր աղօթքը, որպէսզի այս երդման օրը կարեւոր քայլ դառնալ Քրիստոսի մէջ մնալու ու առաքեալները դառնալու ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/05/2021, 08:10