Որոնել

Դատաւոր Ռոզարիօ Լիվաթինօ Դատաւոր Ռոզարիօ Լիվաթինօ 

«Մաֆիաներու նզովումի» խումբ Վատիկանի մէջ

Մարդկային համապարփակ զարգացումի ծառայութեան Վատիկանեան գերատեսչութիւնը դատաւոր Լիվաթինոյի երանացման առթիւ ստեղծած է աշխատանքային խումբ Մաֆիաներու նզովումին համար։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

«Մեծարելու համար Ռոզարիօ Լիվաթինոն, Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ առաջին դատաւոր երանելին, որ քաջութեամբ կատարեց իր աշխատանքը, որպէս աշխարհական առաքելութիւն, Մարդկային համապարփակ զարգացումի ծառայութեան Վատիկանեան գերատեսչութեան մօտ ստեղծուեցաւ աշխատանքային խումբ՝ Մաֆիաներու նզովումին համար, նպատակ ունենալով խորացնել նիւթը, համագործակցիլ աշխարհի եպիսկոպոսներուն հետ, խթանել եւ աջակցիլ ձեռնարկներու»։ Լուրը կը հաղորդէ նոյնինքն վերոնշեալ Վատիկանեան գերատեսչութիւնը Ակրիճենթօ քաղաքին մէջ դատաւոր Ռոզարիօ Լիվաթինոյի երանացման օրը, Սիկիլիացի դատաւորը՝ որ 1990-ին սպաննուեցաւ մաֆիայի կողմէ։ Ձեռնարկը յաւելեալ քայլ մըն է գերատեսչութեան յանձնառումին հակազդելու ու պայքարելու համար կաշառակերութեան, կազմակերպուած յանցագործութեան եւ մաֆիաներուն դէմ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/05/2021, 08:20