Որոնել

Երիտասարդներու համաշխարհային հաւաք Երիտասարդներու համաշխարհային հաւաք 

Երիտասարդներու համաշխարհային թեմական հաւաք։ Ուխտաւորութեան եւ տիեզերական եղբայրութեան փորձառութիւն ։

Քահայանայապետական ժողովի ներկայացուցած փաստաթուղթին նպատակն է կիրարկել գործնական իրականացումներ, որպէսզի թեմական երիտասարդներու համաշխարհային հաւաքը դառնայ առիթ՝ դրսեւորելու իւրաքանչիւր երիտասարդի վեհանձնութիւնը, իսկական արժէքներու ծարաւն ու բարձր գաղափարականները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 18 մայիսին, Քահանայապետական աշխարականներու, ընտանիքի, կեանքի ի սպաս ժողովը ներկայացուց տեղական եկեղեցիներուն մէջ երիտասարդներու համաշխարհային հաւաքի հովուական ծառայութեան ուղեցոյցները, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակէն ներս։

Ունկնդրէ լուրը

Քահայանայապետական ժողովի ներկայացուցած փաստաթուղթին նպատակն է կիրարկել գործնական իրականացումներ, որպէսզի թեմական երիտասարդներու համաշխարհային հաւաքը դառնայ առիթ՝ դրսեւորելու իւրաքանչիւր երիտասարդի վեհանձնութիւնը, իսկական արժէքներու ծարաւն ու բարձր գաղափարականները։

Քրիստոս Թագաւորի տօնին օրը։

Քահանայապետական ժողովին փաստաթուղթին հրաւէրն է, որ երիտասարդներու համաշխարհային օրը նշուի Քրիսոտս Թագաւորի տօնին օրը։

«Ֆրանչիսկոս Պապին փափաքն է որ այդ օրը, տիեզերական եկեղեցին երիտասարդները զետեղէ հովուական ծառայութեան կեդրոնը, աղօթէ երիտասարդներու համար եւ կատարէ ժեսթեր նպատակաուղղուած երիտասարդներուն կարեւոր դերակատարութեան ու զարգացնէ հաղորդակցութեան արշաւները։ նշուած է փաստաթուղթին մէջ։

Նշենք որ երիտասարդներու համաշխարհային հաւաքը տեղի կ՝ունեան ամէն երեք տարի աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ մասնակցութեամբ Քահանայապետին մինչ թեմական համաշխարհային օրուան սովորական տօնակատարութիւնը, կը նշուի ամէն տարի տեղական եկեղեցիներու մէջ։

Փաստաթուղթին մէջ նշուած է որ Հովուական ծառայութեան ուղեցոյցները քաջալերանք է տեղական եկեղեցիներուն միշտ արժէքաւորելու երիտասարդներու համաշխարհային հաւաքի տօնակատարութիւնը ու զայն նկատել պտղաբեր առիթ իրականացնելու համար ձեռնարկներ նուիրուած երիտասարդներուն առաքելութեան։

Երիտասարդներու համաշխարհային տօնին օրը հաւատքի տօնակատարութեան օր։

Համաշխարհայի հաւաքը անհրաժեշտ է որ ըլլայ հաւատքի տօնակատարութիւն, եկեղեցական փորձառութիւն նաեւ միսիոնարական, կոչումի զատորոշման առիթ,ու սրբութեան հրաւէր նշուած է փաստաթուղթին մէջ ու աւեցուած որ

Երիտասարդներու օրը պէտք է դառնայ տիեզերական եղբայրութեան եւ ուխտի օր, որուն ընթացքին երիտասարդները առիթ կ՝ունենան կատարելու եկեղեցական հաղորդութեան փորձառութիւն եւ կ՝աճին եկեղեցւոյ մաս կազմելու գիտակցութեամբ։

Թեմական երիտասարդներու համաշխարհային հաւաքը գեղեցիկ առիթ է ի յայտ դնելու համար տեղական եկեղեցւոյ հարստութիւնը, խուսափելով որ եկեղեցիէն ներ բացակայ գտնուող երիտասարդները ինքզինքին բացառուած չզգան։

«Բոլորը պէտք են իրենք իրենց յատուկ, սիրուած զգալ իրենց մարդկային հարստութեան, հոգեւորականութեան մէջ։» Նշուած է վերոնշեալ Քահանայապետական ժողովին փաստաթուղթին մէջ։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/05/2021, 11:49