Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Գերապայծառ Ֆիզիքելլա. «Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝օգնէ բացայայտելու ընտանիքէն ներս վարդարանի գեղեցկութիւնը։»

Գերապայծառ Ֆիզիքելլա բարձր գնահատեց եւ իր գոհութիւնը յայտնեց այն առումով որ շնորհիւ ֆրանչիսկոս Պապին խնդրանքին, համաճարակի աւարտին համար վարդարանի աղօթքի միջոցաւ , վարդարանի ջերմեռանդութիւնը մուտք գործեց բնակարաններէն ներս։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապին խնդրանքին համաձայն աշխարհի մէջ սփռուած 30 սրբավայրերէն ներս վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքի կը կատարուի համաճարակի աւարտին դիտաւորութեամբ։

Ունկնդրէ լուրը

Ամէն օր երեկոյեան, ընտրուած 30 սրբավայրերէն մէկուն մէջ կը կատարուի վարդարանի ջերմեռանդութիւնը, հաւատացեալներու ներկայութեամբ ինչպէս նաեւ ընկերային հաղորդամիջոցներուն կապերու հեռարձակումով որոնց ըստ աւետարանումի խթանումի խորհուրդի նախագահ գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլային իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն մեծ թիւով հաւատացեալներ։

Գերապայծառ ֆիզիքելլան Վատիկանի Նիւզի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին նշեց թէ վարդարանի աղօթքը կը կատարուի ոչ միայն մեծ սրբավայրերու մէջ այլեւ նաեւ փոքրիկ սրբավայրերէն մէջ։ Ան բարձր գնահատեց եւ իր գոհութիւնը յայտնեց այն առումով որ սոյն շնորհիւ ֆրանչիսկոս Պապին խնդրանքին սոյն աղօթքի միջոցաւ , վարդարանի ջերմեռանդութիւն մուտք գործած բնակարաններէն ներս։

Գերապայծառ ֆիզիքելլա անդրադարձաւ վարդարանի աղօթքի աւարտին, որ վերջ պիտի գտնէ 31 մայիսին։ որուն առթիւ ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը վատիկանի պարտէզներէն մէջ աղօթք պիտի բարձրացնէ առ Աստուած համաճարակի աւարտի համար։
«Յուսանք որ այդ օրը գեղեցիկ օր ըլլայ որովհետեւ արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ բացօթեայ ըսաւ գերապայծառ Ֆիզիքելլա աւելցնելով որ մեծ պատրաստութիւններ կը տեսնեն այդ արարողութեան համար, որուն կ՝ուզեն իրենց մասնակցութիւնը բերել նախատեսուած 30 սրբավայրերէ աւելին մեծ թիւով սրբավայրեր։» ըսաւ գերապայծառ Ֆիզիքելլա։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/05/2021, 14:02