Որոնել

Կարդինալ Էտվարտ Իտրիս Քասիտի Կարդինալ Էտվարտ Իտրիս Քասիտի 

Հոգին աւանդեց առ Հայր` Կարդինալ Էտվարտ Իտրիս Քասիտին։

1989ին նշանակուած է քրիստոնեաներու միութեան խորհուրդի նախագահ, ապա կարդինալ անուանուած է 28 յունիս 1991ին, Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին օրով։ .

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 10 ապրիլին, հոգին աւանդեց, քահանայապետական քրիստոնեաներու միութեան խորհուրդի երբեմնի նախագահ կարդինալ Էտվարտ Քասիտին, Աւստրալիոյ Նիւ Քասթէլ քաղաքին մէջ։ Լուրը հաղորդեց Աւստրալիոյ եպիսկոպոսներու համաւաք դասը։

Ունկնդրէ լուրը

Ծիրանաւորը ծնած էր 5 յուլիս 1924ին, ան ուսանած Սան Փաթրիցիօ համալսարանին մէջ ապա քահանայ ձեռնադրուած է 23 յուլիս 1949ին։

Եղած է ժողովրդապետ Աւստրալիոյ թեմի տարբեր եկեղեցիներէն ներս, ուսանած է իրաւագիտութիւն ապա մաս կազմած է Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական ծառայութեան բաժանմունքին։

Իբրեւ դիւանագէտ ծառայած է Հնդկաստանի , Տուպլինի , Էլ Սալվատորի եւ Արժանթինի պապական նուիրակութեան առաքելական պալատներէն ներս։

Եպիսկոպոս ձեռնադրուած է 15 նոյեմբեր 1970ին։ Ապա իբրեւ Պապական նուիրակ ծառայած է Պանկլատէշի , Պիրմանիոյ եւ Հարաւայէին Ափրիկէ մէջ։

1989ին, նշանակուած է քրիստոնեաներու միութեան խորհուրդի նախագահ, որ ծառայած է մինչեւ 3 մարտ 2001ին, ապա կարդինալ անուանուած է 28 յունիս 1991ին, Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին օրով։

.

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/04/2021, 13:13