Որոնել

Մզկիթէ առնուած լուսանկար Մզկիթէ առնուած լուսանկար 

Քահանայապետական միջ կրօնական երկխօսութեան խորհուրդի պատգամը Ռամատանի եւ Ալ Ֆիթըր տօնին առիթով։

Քրիստոնեաներն ու մահմետականները կանչուած են յոյս փոխանցելու ներկայ, ապագայի կեանքին մէջ, կանչուած են յոյսի կառուցողներն ու եւ վերականգնողները դառնալու, մանաւանդ անոնց համար որոնք կ՝պարին դժուարութեան մէջ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ռամատանի առիթով, Քահանայապետական միջ կրօնական խորհուրդի նախագահ, կարդինալ Միկէլ Անճէլ Այուզօ Կիսօ, պատգամը մը յղեց, որուն մէջ շնորհաւորեց աստուածային օրհնութիւններով եւ հոգեւոր աճումով լի հարուստ ամիս մը, նկատել տալով, որ ծոմապահութիւնը, աղօթքը ու ողորմնաբաշխութիւնը կը մօտեցնեն Արարիչ Աստուծոյ բոլոր անոնք որոնք կը գործեն շարունակելու եղբայրութեան ուղին։

Ունկնդրէ լուրը

Անդրադառնալով համաճարակի դժուարութիւններուն, ծիրանաւորը պատգամը կեդրոնացուց յոյսի կարիքին վրայ կիսելով այդ առաքինութեան մասին կարգ մը մտածումներ։Ան նշեց, որ յոյսին մէջ ներգրաւուած է մարդկային կեցուածք մը՝ բարութիւնը, մինչ յոյսը կ՝արտայայտուի կրօնաւորական բանի մը մէջ, այն է որ Աստուած մեզ կը սիրէ, խնամք կը տանի բոլորիս։ Յոյսը կը բխի այն համոզումէն, որ հարցերը ու խնդիրները ունին իմաստ ու արժէք ու նպատակ, հակառակ որ դժուար է հասկնալ անոնց պատճառները ու գտնել այդ խնդիրներէն դուրս գալու ուղիները։։

Յոյսը իր հետ կը բերէ բարութեան համոզումը, որ ներկայ իւրաքանչիւր անձի մէջ։

Մարդկային եղբայրութիւնը՝ յոյսի աղբիւր կը դառնայ բոլորին համար, յատուկէն կարիքաւորներուն, գրեց կարդինալ Կիսօ ապա խնդրեց, որ շնորհակալութիւն յայտնենք Աստուծոյ ու նաեւ այր մարդ ու կին ընկերներուն, ինչպէս նաեւ բարի կամք ունեցող անձերուն ու հաւատացեալներուն վեհանձն զօրակցութեան համար, որոնք զօրակցութիւն ցուցաբերեցին աղէտալի ժամանակներուն՝ պատճառուած մարդու ու բնութեան կողմէ , ինչպէս պատերազմներն ու հակամարտութիւնները։

Կարդինալ Կիսօ նշեց, որ հաւատացեալներու համար այս բոլոր անձերը ու անոնց բարութիւնը կը յիշեցնեն, որ եղբայրութեան հոգին, հոգի է, ու կ՝ընդօրինակեն Աստուծմէ, որ բարութեամբ կը նայի մարդկութեան ու այն բոլոր արարչագործութիւններուն եւ համայն տիեզերքին։ Ահա ինչու համար ֆրանչիսկոս Պապին համար, երկրի մոլորակի հանդէպ մտահոգութիւն ու աճումը, յոյսի նշան է։ գրեց միջ կրօնական երկխօսութեան խորհուրդի նախագահը աւելցնելով, որ Ֆրանչիսկոս Պապ Fratelli tutti շրջաբերականի մէջ յաճախ կը խօսի յոյսի մասին ու  կը հրաւիրէ յոյսին։ Նորին Սրբութիւնը կը խօսի իրականութեան մը մասին, որ արմատացած է մարդ էակի խորութեան մէջ ՝անկախ շրջապատող շօշափելի իրականութիւններէն եւ պատմական պայմաններէն, ուր որ կը բնակի։ Կը խօսի ծարաւութեան մասին, չափուելու համար այն ինչ, որ մեծ է , այն ինչ, որ սիրտը կը լեցնէ ու կը բարձրացնէ դէպի մեծ բաներ, ինչպէս ճշմարտութիւնը, բարութիւնն ու գեղեցկութիւնն, արդարութիւնն ու սէրը։

Յոյսը քաջ ու համարձակ է 

Յոյս համարձակ է, գիտէ նայիլ անհատական հանգստութենէ անդին, բացուելու համար մեծ իտէալներուն, որոնք կեանքը կը վերածեն աւելի գեղեցիկ ու արժանավայել։ Քրիստոնեաներն ու մահմետականները կանչուած են յոյսը փոխանցելու ներկայ, ապագայի կեանքին մէջ, կանչուած են յոյսի կառուցողներ ու վերականգնողներ դառնալու, մանաւանդ անոնց համար, որոնք կ՝պարին դժուարութեան մէջ։

Կարդինալ Կիսօ պատգամը աւարտեց ապահովուելով իր աղօթքն ու շնորհաւորելով խաղաղ, ուրախ ու արդիւնաբեր Ալ Ֆիթրըի տօն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/04/2021, 10:25