Որոնել

Վատիկանի մէջ քովիտ 19ի դէմ պատուաստանիւթ։ Վատիկանի մէջ քովիտ 19ի դէմ պատուաստանիւթ։ 

Աղքատներու խումբ մը պիտի մասնակցի ֆրանչիսկոս Պապին անուանակոչութեան տօնին։

Առաքելական ողորմնաբաշխութեան գրասենեակի հաղորդագրութիւնը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Առաքելական ողորմնաբաշխութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը նշելով որ ուրբաթ, 23 ապրիլին, Սուրբ Գէորգ անուան ծիսական տօնէ որ Ֆրանչիսկոս Պապին անուանակոչութեան տօնն է նաեւ, աղքատները դարձեալ ֆրանչիսկոս Պապին ուշադրութեան կեդրոնը պիտի հանդիսանան,

Ունկնդրէ լուրը

600 անձերէ բաղկացած խումբ մը, որուն շարքին դիւրաբեկներ ու մեկուսացեալներ, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճէն ներս ,քովիտ 19 ժահրի դէմ պատուաստանիւթի երկրորդ բաժինը պիտի ստանան։ Այս խումբը մաս կը կազմեն, 1400 անձերէ բաղկացած խումբին որոնք պատուաստանիւթ ստացան Աւագ շաբաթուան ընթացքին։

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է նաեւ , վերոյիշեալ 600 անձերը պատուաստանիւթ ստանալէ զատ պիտի մասնակցին Ֆրանչիսկոս Պապին անուանակոչութեան տօնին, սպասելով ֆրանչիսկոս Պապին անակնկալը։

Առաքելական ողորմնաբաշխութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն անձերուն որոնք վեհանձնութեամբ իրենց մասնակցութիւնը բերին «պատուաստանիւթ կասեցուած» ձեռնարկին, մօտիկութեան ժեսթով, այն երկիրներուն որոնք անկարող են ձեռքբերել պատուաստանիւթի քովիտի դէմ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/04/2021, 15:04