Որոնել

Անգլիոյ Թագուհի եղիսաբեթ Բ եւ իշխան Ֆիլիփ Անգլիոյ Թագուհի եղիսաբեթ Բ եւ իշխան Ֆիլիփ 

Նախագահութեամբ գերապայծառ Կալլակերին, հոգեհանգստեան կարգ ի յիշատակ Ֆիլիփ իշխանին։

Ռազմածովային ուժերու հրամանատարին համար բազմավաստակ հայր, բազմանդամ ընտանիքի հայրը՝ բարեգործութեան եւ կրթութեան ոլորտէն ներս, այժմ պատերազմը աւարտած է և ամեն ինչ կրկին հանդարտ է անտառին մէջ։ Մեծ ծառը գուցէ կրնայ իյնալ, սակայն կը ձգէ նշան մը եւ կը քաջալերէ նոր աճ դէպի երկինք ըսաւ գերապայծառ Կալլակեր։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Անգլիոյ Եղիսաբեթ Բ թագուհիի ամուսին, իշխան Ֆիլիփին մահուան առիթով, շաբաթ, 17 ապրիլին, Հռոմի Ամենայն Սրբոց անուան եկեղեցիէն ներս նախագահութեամբ սուրբ Աթոռի պետութիւններու հետ յարաբերութեան քարտուղար գերապայծառ Ռիչարտ Փոլ Կալլակերի տեղի ունեցաւ Ֆիլիփ իշխանին նուիրուած հոգեհանգստեան կարգը։

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ արտասանած քարոզիմ մէջ գերապայծառ Փոլ Կալլակեր,Իշան Ֆիլիփը նկատեց մնայուն դէտ աւելի քան հարիւր տարուան ժամանակից պատմութեան, պատմութիւն մը, որ ականատես եղաւ շատ մը փոփոխութիւններուն, ու իբրեւ իշխան ապրեցաւ հաւասարակշռութեան մէջ։

Գերապայածառ Կալլակեր լուսարձակի տակ առաւ իշխանին զինուորական կազմաւորումը ու անոր աջակցութեան դիրքը աւելի քան 800 բարեսիրական կազմակերպութիւններուն նշելով որ Իշխանը յատուկէն միշտ նեցուկ կանգնեցաւ երիտասարդ սերունդներուն, հետաքրքրուեցաւ անոնց բարեկեցութեամբ ու ապագայով հիմնելով նաեւ Էտիմպուրկի դուքսի մրցանակներու յայտագիրը որ եղաւ թանկարժէք միջոց այր մարդոց ու կիներուն հասունութեան գործընթացին։

Գերապայծառ Կալլակեր քարոզին մէջ նշեց նաեւ որ Ֆիլիփ իշխանը ապրեցաւ կեանքի բազմաթիւ հակասութիւններու ներքեւ ,որոնցմէ շատեր կարելի է լուծել մեծ՝ դժուարութեամբ եւ այլ հարցեր  ցաւի ու դժգոհութեան պատճառ դարձան։

Ռազմածովային ուժերու հրամանատարին համար բազմավաստակ հայրը, բազմանդամ ընտանիքի հայրը՝ բարեգործութեան եւ կրթութեան ոլորտէն ներս, այժմ պատերազմը աւարտած է և ամեն ինչ կրկին հանդարտ է անտառին մէջ։ Մեծ ծառը գուցէ կրնայ իյնալ, սակայն կը ձգէ նշան մը,եւ կը քաջալերէ նոր աճ դէպի երկինք ըսաւ գերապայծառ Կալլակեր։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/04/2021, 13:18