Որոնել

Ի դարու նահատակներուն նուիրուած Սրբապատկերը Ի դարու նահատակներուն նուիրուած Սրբապատկերը 

Սուրբ Աթոռի մասնակցութիւնը Հայոց Մեծ Եղեռնի 106րդ տարելիցին նուիրուած արարողութիւններուն։

Սուրբ Աթոռը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Հայաստանի մէջ նախատեսուած պաշտօնական արարողութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

Շաբաթ 24 ապրիլ 2021-ին հայոց աշխարհը կը յիշատակէ 106 տարիներ առաջ Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ ի գործ դրուած եւ միջազգային հանրութեան կողմէ որպէս «Ի դարու առաջին ցեղասպանութիւն» ճանչցուցած Հայոց Մեծ Եղեռնի նահատակներուն անմահ յիշատակը։

Այս առթիւ ամենուրէք կը կազմակերպուին արարողութիւններ եւ միջոցառումներ որոնց իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն հայերուն բարեկամ քաղաքական գործիչներ, եկեղեցականներ, կազմակերպութիւններ ու անհատներ։ Այս կը պատահի նաեւ Հռոմի մէջ ուր Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչները իրենց գոծունեայ մասնակցութիւնը պիտի բերեն 24 ապրիլի առթիւ կազմակերպուած երկու կարեւոր ձեռնարկներուն։

Առաջինը 24 ապրիլ 2021-ի առաւօտեան ժամը 11-ին Լեւոնեան Քահանայապետական Վարժարանէն ներս նախատեսուած Սուրբ եւ Անմահ պատարագին, զոր պիտի մատուցէ Արհիապատիւ Ռաֆայէլ Արքեպիսկոպոս Մինասեանը, Հայաստանի, Վրաստանի ,Ռուսիոյ, Ուքրանիայի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդ եւ որուն յաւուր պատշաճի քարոզը պիտի արտասանէ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչը` Վսեմաշուք Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրին, մասնակցութեամբ Սուրբ Աթոռի եւ Իտալիոյ հանրապետութեան մօտ ՀՀ դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն, Հռոմի հայ համայնքի անդամներուն ու կրօնական, եկեղեցական եւ քաղաքացիական աշխարհի ներկայացուցիչներուն։

«Աղօթք Սուրբ Նահատակներու հետ միասին» խորագիրով երկրորդ արարողութիւնը, որ ունի համամիութենական բնոյթ եւ որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն տարբեր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, տեղի պիտի ունենայ կիրակի 25 ապրիլ 2021-ի երեկոյեան ժամը 18.30-ին Հռոմի «Isola Tiberina» անուամբ կղզիի Սուրբ Բարթողոմէոս Պազիլիքային մէջ։

Ձեռնարկը կազմակերպուած է Սուրբ Աթոռի Քրիստոնեաներու միութեան խթանման Քահանայապետական Խորհուրդի եւ Հռոմի մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցչութեան կողմէ։

Աղօթքի արարողութեան ընթացքին յաւուր պատշաճի քարոզը պիտի արտասանէ վսեմաշուք Կարդինալ Քիւրդ Քոխը` Քրիստոնեաներու միութեան խթանման Քահանայապետական Խորհուրդին նախագահը։

Սուրբ Աթոռը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Հայաստանի մէջ նախատեսուած պաշտօնական արարողութեան։ ՀՀ մօտ Սուրբ Աթոռի առաքելական նուիրակ Գերապայծառ Խօսէ Ավելինօ Պեթանքուրը Սուրբ Աթոռի անունով Ծիծեռնակաբերդի յուշակոթողին մէջ յարգանքի տուրք պիտի մատուցէ Հայ Ազգի բիւրաւոր նահատակներուն, յանուն Սուրբ Աթոռին այնտեղ զետեղելով ծաղկեպսակ մը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/04/2021, 09:55