Որոնել

Զուիցերական պահակագունդը Զուիցերական պահակագունդը 

Զուիցերացի պահակախումբի նոր անդամներու երդման արարողութիւնը 6 Մայիսին փոքր խումբի մասնակցութեամբ։

6 Մայիս 1527-ին, Հռոմի թալանումի ընթացքին, անոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին` պաշտպանելու համար Կղէմէս Է Պապը և 42 պահակներ Կղէմէս Պապին հետ միասին, ապաստանեցան ''Քասթել Սանդ Անճելօ - Սուրբ Հրեշտակ'' կոչուած դղեակ, պաշտպանելու համար Քահանայապետին կեանքը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ի տարբերութիւն նախորդ տարուայ, 6 մայիսին նախատեսուած Զուիցերացի պահակագունդի երդման արարողութիւնը քորոնավիրուսի համաճարակի պատճառով տեղի պիտի ունենայ փոքրաթիւ լսարանով։ Արդարեւ արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն պարզապէս նոր թեկնածուներու ընտանեկան պարագաները առանց այլ հրաւիրեալներու մասնակցութեան։ Լուրը կը կարդանք նոյնինքն Զուիցերական պահակագունդին հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ։

6 Մայիսը Զուիցերացի 147 պահակներու զոհաբերումի յիշատակի օր

Անցեալ տարի` համաճարակի պատճառաւ, այս աւանդական թուականը փոխադրուած էր հոկտեմբեր ամսուայ սակայն այս տարի որոշում կայացաւ երդման արարողութիւնը կայացնել 6 Մայիսին, որ զուիցերացի 147 պահակներու զոհաբերումի յիշատակի օրը։ Արդարեւ 6 Մայիս 1527-ին, Հռոմի թալանումի ընթացքին, անոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին` պաշտպանելու համար Կղէմէս Է Պապը և 42 պահակներ Կղէմէս Պապին հետ միասին, ապաստանեցան ''Քասթել Սանդ Անճելօ - Սուրբ Հրեշտակ'' կոչուած դղեակ, պաշտպանելու համար Քահանայապետին կեանքը։

Երդման արարողութենէն առաջ 6 մայիսի առաւօտեան 7,30-ին, Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքային մէջ նախատեսուած է նաեւ Սուրբ Պատարագ՝ մինչ երդման արարողութիւնը նախատեսուած է երեկոյեան 5-ին Վատիկանի Սան Տամազօ հրապարակին վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/04/2021, 09:37