Որոնել

Կարդինալ Փարոլին Կարդինալ Փարոլին 

Կարդինալ Փարոլին «Իրաքը կը պատրաստուի Սուրբ Պետրոսի յաջորդը ընդունելու»։

Պատմութեան մէջ առաջին անգամուան համար Քահանայապետ մը պիտի այցելէ Իրաք, այն երկիրը ուր Աբրահամ ծնաւ եւ ուր կ՝ապրին հին քրիստոնեայ հասարակութիւններ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Իրաքը կը պատրաստուի Սուրբ Պետրոսի յաջորդը ընդունելու։ Սրբազան Պապինփափաքն է յայտարարել դէպի ապագայ նոր պատգամ մը։Այսպէս արտայայտուեցաւ Վատիկանի պետական քարտուղար,կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Ֆրանչիսկոս ՊապինԻրաք կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան մասին«Վատիկան Նիւզ»ի հետունեցած հարցազրոյցին սկիզբը, որուն ընթացքին ծիրանաւորը յայտնեց, թէ Իրաքը ֆրանչիսկոս Պապին կը սպասէ վերսկսելով ճամբորդել ու որոշելով սփոփանք փոխանցել անոնց որոնք տարիներէ ի վեր հալածանքի մէջ էին, պատերազմի եւ տահէշի կողմէ գործադրուած բռնութիւններուն պատճառաւ։

Պատմութեան մէջ առաջին անգամուան համար Քահանայապետ մը կ՝այցելէ Իրաք։

Պատմութեան մէջ առաջին առաջին անգամուան համար Քահանայապետ մը պիտիայցելէ Իրաք, այն երկիրը ուր Աբրահամը ծնաւ եւ ուր կ՝ապրին հին քրիստոնեայհասարակութիւններ։

Կարդինալ Փարոլին նշեց, թէ Ֆրանչիսկոս Պապի ճամբորդութիւնը անհրաժեշտ է։ Հրամայակն էգործակցութեան կարեւորութիւնը, երկիրը վերակառուցելու ու վէրքերը բուժելու համար։

Արդարեւ, Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամին կեդրոնը այն է, որ պէտք չէ թոյլ տալ արգելքհանդիսանալու անցեալին իրադարձութիւններուն,այլ պէտք է առջեւնայիլ՝ յոյսով, քաջութեամբ, Իրաքի իրականութիւնը վերականգնելու համար։

Միջ կրօնական հանդիպում։

Կարդինալ Փարոլին ապա  անդրադարձաւ Պապին եւ Այաթոլլա Ալ Սիսթանի միջեւկայանալիք հանդիպումի նշելով, որ այդ հանդիպումը մեծ սիւն պիտի հանդիսանայեղբայրութեան կամուրջին։Ալ Սիսթանի Շիիներուն աշխարհէն կարեւորանձնաւորութիւն է։ Ան միշտ յայտարարած է խաղաղ համակեցութեան մասին, ընդծելով որցեղային, կրօնական բոլոր  խումբերը Իրաքի մաս կը կազմեն։

Իրաքի մէջ քրիստոնեաները մեծ փափաք ունին Պապին հետ հանդիպելու։ Անոնքկարիքը ունին քաջալերանքի, որպէսզի իրենց քրիստոնէական կոչումը ապրին Իրաքիմէջ, որ դժուար կացութեան մէջ կը գտնուի։Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի քաջալերէ Իրաքի եկեղեցինու  պիտի հրաւիրէ  քրիստոնեաները միշտ իրենց տեղը մնալու, իրեն ներկայութեանմասին վկայելու։ Միջին արեւելքը առանց քրիստոնեաներուն, տարբեր պիտի է։

համերաշխութիւնն ու ներումը Իրաքը վերականգնելու համար։

Կարիդինալ Փարոլին զրուցելով Իրաքի մէջ երկխօսութեան, համակեցութեան եւխաղաղութեան վերականգման աշխատանքներու մասին նշեց,թէ անոնք մեծմարտահրաւէրներն են, որոնց պէտք են պատասխանել կառավարութիւնը ու համայնընկերութիւնը։ Կարիքը կայ միութեան, համագործակցութեան եւ այս կատարելու համարանհրաժեշտ է համերաշխութիւնն ու ներում։Պէտք է անցնիլ ապագան ու նայիլ ներկային։Հրամայական է պայքարիլ անհաւասարութեան, խտրականութեան եւփտածութեան դէմ։Ասոնք են հիմնական ուղիները երկիրը վերակառուցելու համար ըսաւ կարդինալՓարոլին,Ան ապա հարցազրոյցը աւարտեց մաղթելով, որ Ֆրանչիսկոս Պապին Իրաք կատարելիքայցելութիւնը երկրի վերածնունդի առիթ դառնայ հոգեւոր, նիւթական վերածնունդի համար, Իրաքի ժողովուրդին եւ այս բոլորը իրականանայ եղբայրութեան նշանով, բոլորդ եղբայրներ էք, այս է Պապին ճամբորդութիւնը բնութագրող բնաբանը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/03/2021, 14:30