Որոնել

«Դուք մաս էք մեզմէ  ու մեք մաս ենք ձեզմէ»։ «Դուք մաս էք մեզմէ ու մեք մաս ենք ձեզմէ»։  Խմբագրական

Քահանայապետին սպասումը՝ տօնախմբութեան պատրաստուող երախաներու նման։

Կարդինալ Սաքոյի խօսքերուն մէջ ի յայտ կու գայ ան գիտակցութիւնը, թէ քրիստոնեաները պէտք չէ բաժնել Իրաքի միւս բնակիչներէն որովհետեւ բոլորն ալ տառապեցան պատերազմի եւ ահաբեկչութեան հետեւանքներէն։

Անտրէա Թորնիելլի 

Ֆրանչիսկոս Պապին Իրաք ճամբորդութեան առթիւ Վատիկանի Հաղորդակցութեան բաժանմունքի խմբագրական կազմի ընդհանուր տնօրէն՝ Տիար Անտրէա Թորնիելլի իր 4 մարտի խմբագրականին մէջ անդրադարձ կատարեց Քաղդէացիներու Պատրիարք՝ Լուիս Ռաֆայէլ Սաքոյին Ֆիտես լրատու գործակալութեան հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին   արտասանած խօսքերուն, ուր Ան կը հաստատէ՝ թէ Քահանայապետի սոյն այցելութիւնը «նման է իրականութիւն դարձած երազի մը» եւ մենք, կ՛ըսէ Պատրիարք Սաքօ, «նման ենք երախաներու, որոնք կը պատրաստուեին տօնախմբութեան»։

 Սուրբ Պետրոսի յաջորդի մօտիկութիւնը

Տիար Թորնիելլի կը յայտնէ թէ Ֆրանչիսկոս Պապը շատ անգամ անդրադարձած է աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ տառապող քրիստոնեայ հասարակութիւններու մասին ու իր այս ուխտագնացութիւնը Աբրահամի երկիր, հակառակ համաճարակին ու անվտանգութեան կապուած մտահոգութիւններուն, վկայութիւն է Սուրբ Պետրոսի յաջորդի մօտիկութեան։

Իսլամ, քրիստոնեայ, մէկ ճակատագիր

Սակայն, կը գրէ Թորնիելլի, Իրաքի քրիստոնեաներուն ճակատագիրը, իրենց տառապանքներով, պէտք չէ բաժնել այլ կրօններու պատկանողներու ճակատագիրէն, երկրի մը մէջ՝ ուր բոլորն ալ տառապեցան պատերազմի, բռնութեան, ահաբեկչութեան, բաժանումներու եւ ատելութիւնը արդարացնող Աստուծոյ անունով ոտնձգութիւններու հետեւանքներէն։

Իսլամները եւս կը սպասեն Քահանայապետի ժամանումին

Մենք զարդարեցինք մեր եկեղեցիները, ըսաւ Կարդինալ Սաքոն, սակայն բոլոր իրաքցիները իրենց քաղաքները զարդարեցին …Վատիկանի դրօշները ու բարի գալուստի պաստառներ կան ամենուրէք, նոյնիսկ Նաժաֆի եւ Նասսիրիայի մէջ…ու Մոսուլի մէջ։ Իսլամները երգեր յօրինեցին Քահանայապետը ընկալելու համար» նշած է միշտ կարդինալ Սաքօ։

Դուք մաս էք մեզմէ  ու մեք մաս ենք ձեզմէ

Այաթոլլահ Ալի Ալ Սիսդանիի նախադասութիւն մը տեղադրուած է Այաթոլլահը ու Քահանայապետը պատկերացնող պաստառներուն վրայ. «Դուք մեզմէ մասն մըն էք ու մենք ձեզմէ մաս մըն ենք»։ «Զիրար եղբայրներ կոչելու այլ ձեւ մը», դիտել կու տայ Թորնիելլի հաստատելով, որ Քաղդէացի Եկեղեցւոյ Պատրիարքին խօսքերը մեզ կ՛օգնեն լաւապէս հասկնալու թէ Իրաքի ապագային յոյսը պիտի չգայ միւսներու հաշուին կրօնական մէկ հասարակութեան մը հզօրացումէն, եւ ոչ ալ ապահով վայրերու ստեղծումէն, այդպէս կոչուած փոքրամասնութիւններու անվտանգութեան համար, ան յառաջ պիտի գայ վերաբացայայտելով  համակեցութեան մը  խոր արմատները, որ կը համապատասխանէ Երկրին ինքնութեան։  Յոյս մը՝ որ պիտի վերացոլայ Ուրի մէջ, Աբրահամի հետերուն վրայ. «Դուք մաս էք մեզմէ  ու մեք մաս ենք ձեզմէ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/03/2021, 14:00