Որոնել

Իրաքը կը պատրաստուի Քահանայապետի ընդունման Իրաքը կը պատրաստուի Քահանայապետի ընդունման 

«Հակառակ դժուարութիւններուն Իրաքի քրիստոնեաները հաւատարիմ մնացին Աւետարանին». Կարդինալ Սանտրի

Կարդինալ Սանտրի նշեց նաեւ թէ Քահանայապետին այս այցելութիւնը լուսարձակի տակ պիտի դնէ քրիստոնեաներու ներկայութեան կարեւորութիւնը։ Անիկա բոլորին պիտի յիշեցնէ թէ իրաքի քրիստոնեաները լիիրաւ քաղաքացիներ են նման այլ քաղաքացիներուն եւ կ՛աշխատին հասարակաց բարիքին համար։ Անոնք ամէն ինչ կը կատարեն երկրին բարրօրութեան համար։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Վատիկան Նիուզի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչ՝ կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի անդրադարձաւ Ֆրանչիսկոս Պապին յառաջիկայ 5 – 8 Մարտին Իրաք կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան, ողջունելով տեղական քրիստոնեայ հասարակութիւններուն քաջութիւնը, որոնք վերջին տարիներուն ապրեցան ծանր տագնապներ եւ հակառակ ամէն բանի մնացին իրենց հայրենիքին մէջ, հաւատարիմ մնալով նաեւ Աւետարանին։

Իրաքը անհամբեր կը սպասէ Քահանայապետի ժամանումին

Մեծ են  Ֆրանչիսկոս Պապին Իրաքի ճամբորդութեան սպասումները։  2000-ի Յոբելենական տարւոյն առթիւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ չի կարողացաւ այցելել երկիրը եւ ահա 20 տարիներ ետք անոր յաջորդը կը պատրաստուի մեկնիլ Աբրահամի ծննդավայրը նկատուած հողամաս, ուր քրիստոնեաներուն թիւը մեծապէս նուազեցաւ տասնեակ տարներու պատերազմներու ու նաեւ քրիստոնեաներու դէմ մղուած հալածանքներուն պատճառաւ։

Իրաքի քրիստոնեաները Աւետարանի վկաներ

Խօսելով ճամբորդութեան մասին Կարդինալ Սանտրի հաստատած է թէ Քահանայապետին այս արարքը ունի մեծ կարեւորութիւն յատկապէս «մեր քրիստոնեայ եղբայրներուն համար, որովհետեւ անոնք դերակատարները եղան Աւետարանական իրականութեան։

«Անոնք մեծ անդորրութեամբ, համերաշխութեամբ ու մեծ տառապանքով ապրեցան պատերազմը, ռմբակոծումներ, Իսլամական պետութեան հալածանքները, ու ահաբեկչական արարքները եւ այս ամէնը վկայութիւն է համայն աշխարհին համար. Որովհետեւ նոյնիսկ դժուար իրադարձութիւններու ընթացքին, ծանր տառապանքներու մէջ քրիստոնեաները հաւատարիմ մնացին Աւետարանին՝ Քրիստոսին –ըսաւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչը։

 Քրիստոնեաները կը սատարեն Իրաքի կառուցումին

Կարդինալ Սանտրի նշեց նաեւ թէ Քահանայապետին այս այցելութիւնը լուսարձակի տակ պիտի դնէ քրիստոնեաներու ներկայութեան կարեւորութիւնը։ Անիկա բոլորին պիտի յիշեցնէ թէ իրաքի քրիստոնեաները լիիրաւ քաղաքացիներ են նման այլ քաղաքացիներուն եւ կ՛աշխատին հասարակաց բարիքին համար։ Անոնք ամէն ինչ կը կատարեն երկրին բարրօրութեան համար։

Կարդինալ Սանտրի հուսկ յայտնեց թէ իրեն համար այս ճամբորդութիւնը «համաճարակի դէմ (exorcisme) է, համաճարակին վտարում է։ Անշուշտ՝  առողջապահական միջոցառումներու պատճառով մենք մեզ Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի կամ այլ մեծ քաղաքներու մէջ պիտի չի զգանք,  բայց եւ այնպէս այս ճամբորդութիւնը պիտի ըլլայ ճամբորդութիւն՝ ուր սրտերու բազմութիւնը պիտի միանայ Պապին, նոյնիսկ եթէ ոչ ֆիզիկապէս, բայց բազմաթիւ պիտի ըլլան անոնք, որոնք այնտեղ պիտի գտնուին – ընդգծեց Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչ՝ կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/03/2021, 14:20