Որոնել

Քովիտ 19 Քովիտ 19 

Գեր. Եուրքովիչ «Համաճարակէն ետք, անհրաժեշտ է վերականգնել բազմամշակոյթը։»

Ելոյթին մէջ գերապայծառ Եուրքովիչ նկատել տուաւ, որ Սուրբ Աթոռը անհրաժեշտ կը նկատէ պետութիւններումիջեւ համագործակցութեան ամրապնդումը, զարգացնելով ու խրախուսելով բազմամշակոյթը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ի տես ՄԱԿ-ի վաճառականութեան եւ զարգացման վերաբերեալ, համագումարին պատրաստման ծիրէն ներս կազմակերպուած ժողովի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ, Գերապայծառ Իվան Եուրքովիչ։ 

ՄԱԿի համագումարը տեղի պիտի ունենայ 3-էն, 8 հոկտեմբերին, որուն նիւթն է  «անհաւասարութենէ եւ դիւրաբեկութենէ մինչեւ բարեկեցութիւնը՝ բոլորին համար», ունենալով իբրեւ նպատակ է լուսարձակի տակ առնել 2030 կայուն զարգացման օրակարգը, ի տես քովիտ 19ի ողբերգութեան հետեւանքին՝համայն աշխարհի տնտեսական գետնի վրայ։

ՄԱԿի ժողովին բանակցութիւններուն յատուկ տեղ պիտի գրաւեն, քաղաքական անհրաժեշտ ռազմավարութիւնները , որոնք օգտակար են ազգերուն, աւելի լաւ դիմագրաւելու ապագային մէջ ու արագօրէն վերականգնելու տնտեսական, ընկերային եւ միջավայրի կապուած հարցերը։

Ելոյթին մէջ Գերապայծառ Եուրքովիչ նկատել տուաւ, որ Սուրբ Աթոռը անհրաժեշտ կը նկատէ պետութիւններու միջեւ համագործակցութեան ամրապնդումը, զարգացնելով ու խրախուսելով բազմամշակոյթը, որ վերջերս  թիրախ է դժուարութիւններուն ընդգծելով որ ճգնաժամի տարբեր երեւոյթները, ինչպէս նաեւ ապագայի որեւէ նոր զարգացում փոխկապակցուած եւ փոխկապուած են։ 

«Միացեալ ազգերու ընտանիքը կանչուած է վերատեսելու իր ուղեւորութիւնը ու բացայայտելու պատասխանատու նախաձեռնութեան նոր ձեւեր։ Այսպէս գործելով, ճգնաժամը կը դառնայ հնարաւորութիւն ,զատորոշելու ու ձեւաւորելու համար նոր համապարփակ տեսլական մը ապագայի համար։»

Գերապայծառ Եուրքովիչ դիտել տուաւ նաեւ, համաճարակի ճգնաժամը ի յայտ դրաւ նաեւ ,որ միջավայրը, եւ անվտանգութիւնը փոխկապուած են։ Լուծել մէկ հարց մը  առանց մտածելու երկրորդի մասին, կենսունակ հեռանկար չէ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/02/2021, 11:01