Որոնել

Կարդինալ Քանդալամեսա Կարդինալ Քանդալամեսա 

Մեծ Պահքի քահանայապետական տան քարոզիչին առաջին խորհրդածութիւնը։

Քահանայապետական տան քարոզիչ, կարդինալ Ռանիերօ Քանթալամեսային այս տարուան մեծ պահքի քարոզին նիւնթը եղաւ «դուք ով կ՝ըսէք, որ եմ» (Մատթ 16,15) Յիսուսի Խօսքը, քարոզները տեղի պիտի ունենայ 26 փետրուարին, 5,12 եւ 26 մարտին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 26 փետրուարին, առաւօտեան, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճէն ներս սկիզբկ՝առնէ մեծ պահքի խորհդածութիւնները, կատարողութեամբ Քահանայապետական տան քարոզիչ,կարդինալ Ռանիերօ Քանթալամեսային։

Ունկնդրէ լուրը

Մեծ պահքի քարոզներուն ամէն տարի իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ՍրբազանՔահանայապետը, Սուրբ Աթոռի Քուրիայի անդամները, կարդինալները, եպիսկոպոսները,քահանայապետական ընտանիքի կղերականները, ինչպէս նաեւ Քահանայապետական մատրանմաս կազմող միաբանութիւններուն ընդհանուր մեծաւորներն կամ անոնց ներկայացուցիչները։  

Նշենք որ այսօրուան քառասնորդացի առաջին քարոզը տեղի ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի բացակայութեամբ։

Քարոզին նիւթը՝ Յիսուսի խօսքը «դուք ով կ՝ըսէք, որ եմ»։

Քահանայապետական տան քարոզիչ, կարդինալ Ռանիերօ Քանթալամեսային այս տարուան մեծ պահքի քարոզին նիւթը եղաւ Յիսուսի խօսքը  «դուք ով կ՝ըսէք, որ եմ»  (Մատթ 16,15) ։Քարոզներուներկայացումը տեղի պիտի ունենան 26 փետրուարին, 5, 12 եւ 26 մարտին։  

Մեծ Պահքի առաջին քարոզին մէջ կարդինալ Քանթալամեսա խօսեցաւ ապաշխարութեանմասին նշելով, որ ապաշխարել կը նշանակէ յառաջ երթալ եւ մուտք գործել Արքայութիւն, ձեռքբերելփրկութիւնը, որ մարդոց հասանելի եղաւ անշահախնդրութեամբ Աստուծոյ ազատնախաձեռնութեամբ։

Ապաշխարել եւ հաւատալ չեն նշանակեր երկու տարբեր բաներ, այլ միեւնոյն հիմնական արարքը,ապաշխարել կը նշանակէ հաւատալ,  ըսաւ կարդինալ Քանդալամեսա։

Ապաշխարութեան երկրորդ կէտը կը կայանայ ետ վերադառնալու մէջ, այսինքն մանուկներվերադառնալու մէջ։ Հայցել Սուրբ Հոգիէն, որ գայ եւ մուտք գործէ մեր սիրտերէն ներս, այնպէսինչպէս,որ կը փափաքի։

Փոխուիլ գաղջութենէն դէպի ջերմութիւն։

Ի Վերջոյ կարդինալ Քանթալամեսա նշեց, թէ իսկական ապաշխարութիւնը կը կայանայ փոխակերպելու մէջ,  անցնելով գաղջութենէն դէպի ջերմութիւն։ 

Հայցենք Աստուածամայրէն, որ մեզի շնորհէ այն շնորհքը, որ ընդունեց իր Որդիէն Կանայիժամանակ։Աստուածամօր աղօթքով ջուրը  փոխուեցաւ գինիի։ Խնդրենք, որ Անորբարեխօսութեամբ մեր գաղջութեան ջուրը փոխուի ու դառնայ վերանորոգուած ջերմութեան գինի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/02/2021, 11:30