Որոնել

Մոմեր Մոմեր 

Մեծ պահքի առաջին ուրբաթ օրը յայտարարուեցաւ բռնութեան զոհերուն համար աղօթքի օրը։

Ֆրանչիսկոս Պապ նամակ համայն աշխարհի եպիսկոպոսաց դասերէն, խնդրած է ընտրել յատուկ աղօթքի օր, բռնութեան զոհերուն ու վերապրածներու համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Աղօթքը՝ իբրեւ բռնութեան վերապրածներու, անոնց ընտանիքներուն ու հաւատացեալ հասարակութիւններուն բուժման գործընթացին մաս կը կազմէ։ Այս մասիս նշուած է քահանայապետական  անչափահասներուն պաշտպանութեան յանձնախումբի անգլերէն լեզուով հետեւեալ կայքէջին վրայ,  www.tutelaminorum.org,  որուն մէջ  Մեծ պահքի առաջին ուրաթ օրը յայտարարուած է աղօթքի օր,  որ պիտի նշուի տեղական տասնեակ եկեղեցիներու մէջ։ Իրլանտայի մէջ զոր օրինակ, տարբեր եկեղեցիներու մէջ մոմեր պիտի վառուին յիշելու համար աղօթքի օրը։ Սքովտլիոյ եւ Լեհաստանի մէջ ուրբաթ 19 փետրուարին տեղի պիտի ունենայ յատուկ ծիսակատարութիւն։

Ունկնդրէ լուրը

www.tutelaminorum.org, կայքին մէջ նշուած է,  որ 2016 տարուան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ նամակ մը գրեց համայն աշխարհի եպիսկոպոսաց դասերուն, խնդրելով անոնցմէ ընտրել յատուկ աղօթքի օր մը զայն նուիրելով բռնութեան զոհերուն ու վերապրածներուն համար։

«Աղօթքը նաեւ կարեւոր ձեւ մըն է,  համայն եկեղեցին զգայուն դարձնելու՝ եկեղեցւոյ ներս չարաշահումներուն իրականութեան վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ զարգացնելու համար ուշադրութիւն եւ յորդորելու հսկողութիւնն ու կանխարգիլում»։

Վերջին չորս տարիներուն, շատ մը եպիսկոպոսական դասեր եւ կարգ մը թեմեր իրականացուցին վերոնշեալ  առաջարկը։ Աւստրիոյ մէջ եկեղեցին կը յիշէ աղօթքի օրը՝ 11 սեպտեմբերին, մանուկներուն պաշտպանութեան օրուան զուգահեռ։

Ափրիկէի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերը, որդեգրեցին այդ որոշումը նուիրելով երեք օր մանուկներուն պաշտպանութեան աղօթքի օրուան, որ կը նշուի յիսնակացի առաջին կիրակի օր։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/02/2021, 09:37