Կարդինալ Փարոլին հանիդպեցաւ World House կազմակերպութեան երիտասարդներուն հետ։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, այցելեց «Խաղաղութեան միջնաբերդ» կեդրոնը, ուր հանդիպում ունեցաւ World House կազմակերպութեան երիտասարդներուն հետ։
World House di Rondine կազմակերպութիւնը հիմնուած է 1988ին, տիար Ֆրանքօ Վաքարիի կողմէ, նպատակ ունեանլով ամբողջ աշխարհին մէջ զինուած հակամարտութիւններուն նուազեցումը։
Խաղաղութեան միջնաբերդին մէջ Կարդինալ Փարոլին հանդիպեցաւ երիտասարդ, երիտասարդուհիներու հետ, որոնք ժամանած են պատերազմի վայրերէն, ինչպէս նաեւ կը հետեւին Իտալացի եպիսկոպոսներուն կողմէ հիմնուած «միջերկրականը, խաղաղութեան սահման, կրթութիւն եւ հաշտութիւն» ծրագրին։
Այս առթիւ երիտասարդներուն ուղղած խօսքին մէջ կարդինալ Փարոլին, նշեց թէ ինք գիտակից է, որ երիտասարդները ժամանած են պատերազմի տարածքներէն եւ այժմ ամէն ջանք կը թափեն խաղաղութեան կերտման ի սպաս։ Ան ապա վստահեցուց որ ինք՝ ֆրանչիսկոս Պապին տեղեակ պիտի պահէ երիտասարդներուն ի գործ դրած աշխատաքներուն մասին։
Կարդինալ Փարոլին քաջալերեց երիտասարդները, որ շարունակեն իրենց աշխատանքը խաղաղութեան կերտման ի սպաս, նշելով թէ «աղիւսէ, աղիւս հոս խաղաղութիւնն է՝ որ կը կազմէք»։
Յայտնենք, թէ հանիդպումի ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Արէցցօ -Քորթոնա թեմի արքեպիսկոպոսը՝ գերապայծառ Ռիքարտօ Ֆոնթանա։