Որոնել

Քովիտ19 վիրուսի դէմ պատուատ Քովիտ19 վիրուսի դէմ պատուատ 

Վատիկան. Պատուաստէն հրաժարողներու դէմ որեւէ ճնշիչ ձև չկայ

Վատիկանի Կառավարութիւնը բացատրութիւն տուաւ պատուաստուելու հարկաւորութեան մասին վերջերս հրապարակուած հրամանագիրի մասին. Անոր նպատակն է պաշտպանել հասարակութեան առողջութիւնը յարգելով հանդերձ անհատական ազատութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 18 փետրուարի յետմիջօրէին Վատիկանի Կառավարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը  պարզաբանելու համար վերջերս ի զօրու դարձած պատուաստուելու հարկաւորութեան մասին 8 փետրուար թուակիր հրամանագիրի պարունակութիւնը, որ որոշ լրատուական շրջանակներուն մէջ քննադատութիւններ յառաջացուցած էր, Վատիկանի կողմէ աշխատաւորներու վրայ ճնշում կատարելու մեղադրանքով։

Պաշտպանել ընդհանուրի առողջութիւնը

Վատիկանի կառավարութիւնը նշեց թէ քորոնավիրուսի դէմ Վատիկան քաղաքի մէջ պատուաստուելու հարկաւորութեան համարագիրը հրապարակուեցաւ երաշխաւորելու համար  Վատիկանի Պետութեան քաղաքացիներու, բնակիչներու եւ աշխատանքի հասարակութեան առողջութիւնը։

Անոր նպատակն է աշխատողներու անհատական և աշխատանքային միջավայրի հասարակական պաշտպանութիւնը, հանրային առողջութեան արտակարգ իրավիճակ ստեղծման պարագային:

Այս ծիրէն ներս որդեգրուած դրոյթներու շարքին է նաեւ պատուաստուելու հարկաւորութեան կարեւորութիւնը որոշ բնագաւառներէն ներս, ինչպէս հանրութեան հետ կապ ունեցող աշխատանքի, երրորդ անձանց հետ յարաբերութիւններու կամ աշխատանքային հասարակութեան առողջական անվտանգութիւնը խաթարող պարագաներու պարագային։

Անհտական ազատութիւնը պէտք չէ վտանգէ միւսները

Պատուաստուելու կամաւոր մասնակցութիւնը ուստի պէտք է նկատի առնէ նաեւ, որ շահագրգռուած անձի կողմէ պատուաստուելու մերժումը կարող է վտանգ հանդիսանալ  միւսներուն եւ աշխատանքային միջավայրի համար:

Այս պատճառաւ՝ աշխատանքային հասարակութեան պաշտպանութիւնը կարող է, անոր համար՝ որ առողջական պատճառներու բացակայութեան պայմաններու մէջ  պատուաստը կը մերժէ,  «միջոցներ որդեգրել մէկ կողմէն նուազեցնելու քննարկուող վտանգը եւ միւս կողմէն թոյլ տալ այլընտրանքային լուծումներ գտնել շահագրգիռ կողմի աշխատանքի կատարման համար»:

Հասարակութեան առողջութեան պահպանման և անհատական ​​ընտրութեան ազատութեան միջև հաւասարակշռութիւն 

Վատիկանի կառավարութեան կողմէ հրապարակուած վերոնշեալ հաղորդագրութիւնը կը յիշեցնէ՝  թէ որդեգրուած հրամանագիրը ու անոր մէջ պարունակուած յղումը՝ մարդկային արժանապատուութեան ու անոր հիմնարար իրաւունքներու յարգանքին հայող 8 նոյեմբեր 2011ին հրապարակուած կանոններուն,  ոչ մի ձեւով կարելի է նկատել ճնշողական կամ պատժիչ բնոյթ ունեցող գործիք, այլ «կը ձգտին հասարակութեան առողջութեան պահպանման և անհատական ​​ընտրութեան ազատութեան միջև հաւասարակշռութեան ճկուն և համաչափ պատասխան մը ներկայացնել ՝ առանց աշխատողի նկատմամբ բռնաճնշումներու որևէ ձևի կիրառման»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/02/2021, 07:19