Որոնել

Հիւանդներու համաշխարհային օր Հիւանդներու համաշխարհային օր 

11 Փետրուարի թուականը յատուկ նշանակութիւն ունի Վատիկանի մէջ։

11 Փետրուարին կը յիշատակուին՝ Վատիկանի Պետութեան ճանաչումը, Պենետիկտոս ԺԶ-ի հրաժարականը, Լուրտի Տիրամօր տօնը եւ Հիւանդներու համաշխարհային օրը եւ Կեանքի Քահանայապետական Կաճարին հիմնադրութեան տարեդարձը։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկանի Պետութեան ճանաչումը

11 Փետրուար թուականը Վատիկանի մէջ ունի յատուկ նշանակութիւն տրուած ըլլալով որ այդ օրը իր մէջ կ՛ամփոփէ յիշարժան իրադարձութիւններ եւ տօներ։

Արդարեւ 11 Փետրուարին  կը յիշատակուի Վատիկանը որպէս  Պետութիւն  ճանաչումին տօնը, երբ 11 Փետրուար 1929-ին Իտալիոյ հանրապետութեան եւ Վատիկանի միջեւ ստորագրուած Լատերանեան Դաշնագիրը Վատիկանին շնորհեց անկախ պետութեան հանգամանք։

Պենետիկտոս ԺԶ-ի հրաժարականը

Նոյն թուականին՝ 11 փետրուար  2013-ին Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետը պատմական ընտրանք մը կատարելով Վատիկանի մէջ համախմբուած Կարդինալական Խորհուրդին կը հաղորդէ իր Սուրբ Պետրոսի գահէն հրաժարելու  որոշումը շփոթութեան մատնելով ներկաներն ու համայն աշխարհը։

Լուրտի Տիրամօր տօնը եւ Հիւանդներու համաշխարհային օրը

11 փետրուարին  կը յիշատակուի նաեւ Լուրտի Տիրամօր առաջին երեւումին 162րդ ամեակը։  Երեւումը յայտնութիւնն է Աստուծոյ, կամ հրեշտակներուն կամ սուրբերուն, այս պարագային Աստուածամօր։ 1858-ի փետրուարի 11-ն, Պերնատէթ անունով աղջնակ մը` Մասապիելի քարայրին առջեւ, կը տեսնէ սպիտակ զգեստով  Տիկինը՝ որ Վարդարան կ՛աղօթէր, այդ օրէն ետք Տիրամայրը 14 անգամ կ՛երեւնայ Պերնատեթին եւ 25 մարտ 1858-ին անոր  կը յայտնէ իր ինքնութիւնը''Անարատ Յղացեալ''։

Նոյն օրը կը  նշուի նաեւ  Հիւանդներու Համաշխարհային օրը, հաստատուած Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի կողմէ 13 Մայիս 1992-ին։ Օրուան 2021-ի Քահանայապետական պատգամի բնաբանն է «Ձեր ու­սու­ցի­չը մէկ է, եւ դուք բո­լորդ եղ­բայր­ներ էք» (Մատթ. 23, 8): Վստահութեան յարաբերութիւնը հիւանդներու հոգածութեան հիմք»։

Պատգամին մէջ որ հրապարակուեցաւ անցեալ 12 Յունուար 2021-ին Քահանայապետը կը յորդորէ հետեւիլ Յիսուսին խօսքերուն եւ օրինակին:  «Կարիքի մէջ գտնուող մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն մօտիկ ըլլալու համար Յիսուսը մեզի կու տայ բանաձեւ մը, որը լիովին կը հակադրէ կեղծաւորութեան: Ան կը յորդորէ կանգ առնել, լսել, անմիջական կապ հաստատել, կարեկցանք դրսեւորել եւ զգալ անոնց տառապանքը եւ, որ ամենակարեւորն է՝ բարիք գործել (հմմտ. Ղուկ. 10, 30-35):

Բարիք գործել հետեւելով Յիսուս Քրիստոսի՝ Բարի Սամարացիի սիրոյ արտայայտութեան, որ անսահման կարեկցութեամբ մօտիկ գտնուեցաւ մեղքի մէջ ապրող իւրաքանչիւր մարդ արարածին: Սուրբ Հոգիին միջոցաւ Անոր հետ միացած՝ մենք կոչուած ենք ըլլալու նոյնքան ողորմած, որքան Հայրը, սիրելու զիրար, եւ յատկապէս՝ հիւանդ, թոյլ եւ տառապեալ մեր եղբայրներուն (հմմտ. Յովհ. 13, 34-35):

11 Փետրուարին տարեդարձն է  նաեւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ կողմէ հաստատուած Կեանքի Քահանայապետական Կաճարին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/02/2021, 07:36