Հոգին աւանդեց առ Հայր Քահանայապետական նախկին ողորմաբաշխ Գերապայծառ Ռիցցաթօ։
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Իտալիայի Փատովայի հիւանդանոցին մէջ անցեալ 11 Յունուարին իր հոգին աւանդեց առ Հայր գերապայծառ Օսքար Ռիցցաթօ, Քահանայապետական երբեմնի ողորմաբաշխ, որ անուանուած էր Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ օրով 1989-ին ու իր այդ ծառայութիւնը շարունակած էր նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի օրով։
Ծնեալ 8 փետրուար 1929-ին գերապայծառ Ռիցցաթօ քահանայ ձեռնադրուած էր 4 Յուլիս 1954-ին։ Առաջին առաքելութիւնը ստանձնած էր որպէս թեմական փոքր նորընծայարանի փոխ մեծաւոր եւ դասատու։ 1957-1961 յաճախած է Փատովայի Համալսարանը արժանանալով քրիստոնէական հնագիտութեան վկայականին։
1961-ի մէկ դեկտեմբերին, Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Քահանայապետի օրով, կանչուած էր Հռոմ՝ Վատիկան, ուր ծառայած է Վատիկանի Պետական Քարտուղարութեան ներքոյ ստանձնելով զանազան պաշտօններ։
23 դեկտեմբեր 1989-ին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ անոր կը յանձնէ Քահանայապետական ողորմաբաշխութեան գրասենեակի նախագահութիւնը, անոր շնորհելով նաեւ Արքեպիսկոպոսական տիտղոս։
Գերապայծառ Ռիցցաթօ 17 տարիներ շարունակ մատուցեց իր ծառայութիւնը՝ Քահանայապետի անունով ողորմութիւն ու բարեսիրութեան գործեր կատարելով ի նպաստ աղքատներուն։
28 Յուլիս 2007-ին տարիքի բերումով Ան կը ներկայացնէ իր հրաժարականը Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետի ձեռքերուն մէջ շարունակելով սակայն բնակիլ Վատիկանի մէջ ու համագործակցիլ Հռոմի Թեմին հետ, որպէս Հոգեւոր Հայր։ 2015-ին կ՛անդամակցի Ակոսթինեան Միաբանութեան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ