Որոնել

Կարդինալ Քանդալամեսա Կարդինալ Քանդալամեսա 

«Սորվեցուր մեզի մեր օրերը համրել, որ սրտի իմաստութիւն ստանանք». Վատիկանի մէջ Յիսնակացի քարոզներու նիւթը։

Յիսնակաց  շրջանի քարոզները տեղի պիտի ունենան Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին ներկայութեամբ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը, երեքշաբթի, 1 դեկտեմբերին, հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը տեղեկացուց, որ Քահանապայապետական տան վարչութեան տեղեկագրութեամբ,  Քահանայապետական տան քարոզիչ, կարդինալ Ռանիերօ Քանդալամեսան Յիսնակաց շրջանի խորհրդածութիւնները պիտի ներկայացնէ Պօղոս Զ  դահլիճէն ներս, որպէսզի հնարաւորութիւն տրուի յարգելու ընկերային հեռաւորութեան պայմանները։

Ունկնդրէ լուրը

Յիսնակաց շրջանի այս տարուան խորհրդածութիւններուն նիւթն է թիւ 90 սաղմոսի, համար 8-ը « Սորվեցուր մեզի մեր օրերը համրել, որ սրտի իմաստութիւն ստանանք։» 

Խորհրդածութիւններուն հրաւիրուած են ծիրանաւորները, արքեպիսկոպոսները, եպիսկոպոսները, Քահանայապետական տան կղերականները, Հռոմի Քուրիայի պաշտօնեաները, ինչպէս նաեւ Քահանայապետական մատրան մաս կազմող ընդհանուր մեծաւորներն ու միաբանութիւններուն ներկայացուցիչները։

Յիսնակաց  շրջանի քարոզները տեղի պիտի ունենան 4,11 եւ 18 դեկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 9ին, Ֆրանչիսկոս Պապին ներկայութեան։ նշուած է  միշտ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/12/2020, 13:39