Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն՝ Տիար Մաթթէօ Պրունի պատասխանելով լրագրողներուն իրեն ուղղած հարցումներուն հաստատեց թէ «Այսօր առաւօտեան ժամը 9.30-ին գերապայծառ Քլատուիօ Կուճերոթթի, Պիելոռուսիայի մօտ երբեմնի պապական նուիրակ, Սրբազան Քահանայապետի որպէս յատուկ պատուիրակի պաշտօնով հանդիպում կ՛ունենայ Պիելոռուսիայի նախագահ՝ Տիար Ալեքսանտըր Լուքաշենքոյի հետ անոր արտայայտելու համար Սրբազան Քահանայապետին մտահոգութիւնը ի տես Երկրին ներկայ իրավիճակին»։

Գերապայծառ Կուճերոթթիին հանդիպումը Պիելոռուսիայի նախագահին հետ
Քահանայապետին յատուկ պատուիրակը նախագահին կը փոխանցէ Ֆրանչիսկոս Պապին մտահոգութիւնը։
17/12/2020, 11:08