Որոնել

Քահանայի մը լուսանկար Քահանայի մը լուսանկար 

Հինգ տարուան ընթացքին քահանաներուն թիւը աճած է Ափրիկէի մէջ։

Եկեղեցւոյ վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութիւնը հրապարակեց եկեղեցւոյ վիճակագրական 2018 տարուան տարեգիրքը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Եկեղեցւոյ վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութիւնը հրապարակեց եկեղեցւոյ վիճակագրական 2018 տարուան տարեգիրքը։
2018ին, աշխարհի մէջ քահանաներու ընդհանուր թիւը կը հաշուէ 414 հազար։ Ընդհանուր առմամբ քահանաներու թիւը նուազած է 3 տոկոսով, համեմատութեամբ 2013-2018  տարիներուն ձեռնադրուած քահանաներուն թիւին։

Ունկնդրէ լուրը

2013-2018 ժամանակաշրջանին  ձեռնադրուած են 43 հազար քահանայ, որոնցմէ 50 առ հարիւրը հաւասարաբար Ափրիկէի ե Ասիոյ ցամաքամասերուն մէջ։

Վիճակագրական աշխատանքներուն արդիւնքներու համաձայն քահանաներու թիւը  Ափրիկէ մէջ աճած 14,4 տոկոսով, Ասիոյ մէջ 11 տոկոսով մինչ Ամերիկային եւ Եւրոպայի մէջ քահանաներու թիւը անփոփոխ մնացած է
 
Ցամաքամասերու համեմատութեամբ , քահանաներու թիւը ամենէն շատ նուազած է Եւրոպայի մէջ  8,3 տոկոսով, Ամերիկեան ցամաքամասին մէջ մէջ 3,1 տոկոսով, մինչ Ասիոյ մէջ աճած է 12,8 տոկոս եւ Ափրիկէի մէջ 9,7 տոկոսով։։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/11/2020, 08:25