Որոնել

Սուրբ Պետրոսի հրապարակը Սուրբ Պետրոսի հրապարակը 

Երանելի պիտի հռչակուի Հայր Մարիօ Չիչերին

Երանելի պիտի հռչակուին նաեւ Սպանիոյ մէջ իրենց հաւատքին համար ատելութեամբ սպաննուած 127 քահանայ, կրօնաւոր եւ աշխարական Սպանացի Աստուծոյ ծառաներ։

Երկուշաբթի, 23 նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ գերապայծառ Մարչելլօ Սեմերարոն։ Հանդպումի ընթացքի Նորին Սրբութիւնը արտօնութիւն տուաւ հրապարակելու սուրբերու դատի ժողովի նոր երանելիներուն եւ Աստուծոյ ծառաներուն սրբադասման դատի հայող հրամանագիրերը։

Ունկնդրէ լուրը

Երանելի պիտի հռչակուի, Աստուծոյ ծառայ Մարիօ Չիչերի։ Ան քահանայ մըն էր՝  ծնած  Իտալիոյ Վէտուժիօ քաղաք՝ 8 սեպտեմբեր 1900ին եւ վախճանած է 4 ապրիլ 1945ին։

Երանելի պիտի հռչակուին Աստուծոյ ծառաներ Ճովանի Էլիա Մետինա ու անոր 126 քահանայ, կրօնաւոր ու աշխարական ընկերները, որոնք ատելութեամբ սպաննուեցան իրենց հաւատքին համար Սպանիոյ մէջ 1936-1939 տարիներուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ արտօնութիւն տուաւ նաեւ հրապարակելու հետեւեալ Աստուծոյ ծառաներուն ու աղախիներուն մարտիրոսական առաքինութիւններու հրամանգիրերը։ 

Աստուծոյ ծառայ Ֆորթունաթօ Մարիա Ֆարինա։ Ան ծնած է Իտալիոյ Պարոնիսի քաղաք՝ 8 մարտ 1881ին եւ վախճանած է 20 փետրուար 1954ին։ Աստուծոյ ծառայ Ֆորթունաթօ եպիսկոպոս էր եւ եղած է Թրոյա, Ֆոճա թեմի հոգեւոր առաջնորդը։

Աստուծոյ ծառայ Անտրէա Մանժոն Ի Մանիոն։ Ծնած է սպանիոյ մէջ 30 նոյեմբեր 1846ին, Սպանիա , վախճանած է 10 յուլիս 1923ին։

Աստուծոյ ծառայ Ալֆոնսօ Ուկոլինի։ Ան քահանայ մըն էր ծնած Ֆրանսայի մէջ 22 օգոստոս 1908ին, վախճանած է Իտալիոյ մէջ 25 հոկտեմբեր 1999ին։

Աստուծոյ աղախին, Մարիա Ֆրանչեսքա Թիքքի,  Աստուծոյ աղախինն Մարիա Քարոլա Չեքին ու Աստուծոյ աղախին  Մարիա Ճիաննեթօ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/11/2020, 10:46