«Միսիոնարները հոն են ուր կան յետին աղքատներ» Կարդինալ Թակլէ։
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Միսիոներական Համաշխարհային օրուան առթիւ Ժողովուրդներու Աւետարանութեան Ժողովի կառավարիչը՝ Կարդինալ Լուիս Անթոնիօ Թակլէ լսատեսողական պատգամ մը ուղղեց, որուն մէջ մատնանշեց թէ «իւրաքանչիւր մկրտեալի միսիոներական յանձնառումը հիմնական մաս է հաւատացեալի ինքնութեան», ու թէ «քրիստոնեաները կանչուած են հռչակելու Աւետարանը խօսքի, բարեսիրական գործերու եւ վկայութեան միջոցաւ»։
Ան ապա վերակոչելով Ֆրանչիսկոս Պապին 2020-ի միսիոներական համաշխարհային օրուան առթիւ հրապարակած պատգամը ընդգծեց՝ թէ ինչպէս Քահանայապետը Միսիոներական Քահանայապետական գործունէութիւններուն ընդմէջէն հոգեկան եւ նիւթական աջակցութիւն կը նուիրէ բոլոր անոնց որոնք կ՛ապրին Եկեղեցւոյ սահմանագիծին վրայ, խրախուսելով համագործակցիլ ու տնտեսապէս սատարել այդ առաքելութիւններուն։
«Նոյնիսկ եթէ համայն աշխարհը կ՛ապրի զօրեղ մարտահրաւէրներ առաքելութիւնը կը շարունակուի, միսիոնարները կը գտնուին այնտեղ ուր կան ամենէ կարիքաւորները» հաստատեց Ժողովուրդներու Աւետարանութեան Ժողովի կառավարիչը եզրափակելով պատգամը։