Որոնել

Չինաստանի մէջ կաթողիկէ հաւատացեալներ։ Չինաստանի մէջ կաթողիկէ հաւատացեալներ։ 

Երկարաձգուեցաւ Սուրբ Աթոռի եւ Չինաստանի միջեւ կնքուած Ժամանակաւոր պայմանագիրի ժամկէտը

Սուրբ Աթոռի յայտարարութիւնն ու «Osservatore Romano» օրաթերթին համար պատրաստուած պայմանագիրի երկարաձգման հայող յօդուածը ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չինաստանի մէջ եպիսկոպոսներու անուանումի հայող Սուրբ Աթոռի եւ Չինաստանի ժողովրդական հանրապետութեան միջեւ կնքուած ժամանակաւոր պայմանագիրը երկարաձգուեցաւ երկու տարի ժամկէտով։
Այս մասին յայտարարուած է Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութեան մէջ, հրապարակուած ժամանակաւոր պայմանագիրի աւարտման օրը։

Ունկնդրէ լուրը

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ Սուրբ Աթոռը դրական գնահատելով համաձայնագիրի իրականացումը, որ հիմնական է եկեղեցական եւ հովուական ծառայութեան արժէքներուն, մտադիր է շարունակել բաց եւ կառուցողական երկխօսութիւնը, նպաստելու համար Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ Չինաստանի ժողովուրդին կեանքին։

Պայմանագիրի երկարաձգման հաղորդագրութեան վերաբերեալ Վատիկանի «Օսերվաթորէ Ռոմանօ» օրաթերթին համար պատրաստուած յօդուածին մէջ ներկայացուած է պայմանագիրի երկարաձգման որոշումի պատճառները։ 

Յօդուածին մէջ նշուած է, թէ երկու կողմերը դրական գնահատելով համաձայնագիրի իրականացման տարբեր երեւոյթները, համաձայնած են՝ պաշտօնական բանաւոր նշումներուն փոխանակումով երկարաձգել համայնագիրի գործողութեան ժամկէտը՝ երկու տարի՝ մինչև 2022 թուական, հոկտեմբեր 22»: Համաձայնագիրին նպատակն է աջակցիլ եւ խթանել Չինաստանի մէջ Աւետարանի հռչակումին, վերականգնելով լիակատար եւ տեսանելի եկեղեցւոյ միութիւնը։

«Եպիսկոպոսներու անուանումի հարցը եւ եպիսկոպոսներուն միութիւնը Սուրբ Պետրոսի յաջորդին, կենսական կարեւորութիւն ունին եկեղեցւոյ կեանքին համար՝ ըլլայ տեղական մակարդակի, ըլլայ տիեզերական մակարդակի վրայ։ Ճիշդ այս տարրն է , որ ներշնչած է բանակցութիւնները եւ հայեցակէտը եղած է համաձայնութեան յօդուածին մշակման, ապահովուելու համար ըլլայ հաւատքի եւ հաղորդութեան միութիւնը եպիսկոպոսներուն միջեւ,  ըլլայ լիակատար ծառայութիւնը Չինաստանի մէջ կաթողիկէ հասարակութեան։

Արդէն՝ առաջին անգամուան համար տասնեակ տարիներէ ի վեր Չինատանի բոլոր եպիսկոպոսները հաղորդութեան մէջ են Հռոմի Եպիսկոպոսին հետ եւ շնորհիւ համաձայնագիրի իրականացման այեւս տեղի պիտի չունեան անօրինական եպիսկոպոսական օծումներ։»

Յօդուածին մէջ նշուած է նաեւ, որ պայմանագիրին մէջ քննարկուած չեն բաց հարցերը, կամ այն կացութիւնները, որոնք մտահոգութիւն կը յառաջացնեն եկեղեցւոյ։ Պայմանագիրը կը հայի լոկ եպիսկոպոսներուն անուանումին։»

Սուրբ Աթոռի եւ Չինաստանի միջեւ համաձայնագիրի երկարաձգման հայող Յօդուածի մէջ  կը նշուի, թէ «Սուրբ Աթոռը քաջատեղեակ ըլլալով ՉԻնատանի մէջ եկեղեցւոյ առջեւ ծանրացած հարցերուն պիտի շարունակէ Չինաստանի կառավարութեան ուշադրութիւնը գրաւել, նպաստելու համար կրօնական ազատութեան արդիւնաբերութեան։

Ուղեւորութիւնը տակաւին երկար է եւ զանց չէ դժուարութիւններէ։ Սուրբ Աթոռը կը մաղթէ, որ ժամանակաւոր եւ երկարաձգուած պայմանագիրը նպաստեն երկու կողմերը հետաքրքրող հարցերու լուծման, յատուկէն Չինաստանի մէջ կաթողիկէ հասարակութեան, ինչպէս նաեւ միջազգային խաղաղութեան հայող հարցերուն, նամանաւանդ ներկայ ժամանակահատուածին մէջ՝ ուր կը փորձարկենք միջազգային գետնի վրայ անթիւ դժուարութիւններ։»Նշուած է Պայմանագիրի վերաբերեալ հրապարակուած յօդուածին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/10/2020, 12:00