Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Ռափունապետը Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Ռափունապետը 

"Nostra aetate” հռչակագիրը հրէական քրիստոնէական յարաբերութիւններու մեծ փաստաթուղթ։

Համատեղ յայտարարութեան մէջ Վատիկանի հրեաներու հետ կրօնական յարաբերութիւններու յանձնաժողովը և միջ կրօնական խորհրդատւութիւններու հրէական միջազգային կոմիտէն վերահաստատած են  հաշտարար հռչակագրի կարևորութիւնը անոր հրապարակումէն 55 տարի ետք։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

28 հոկտեմբեր 1965ին, լոյս տեսաւ Վատիկանեան Nostra aetate փաստաթուղթը՝ բնորոշելով հրէական քրիստոնէական յարաբերութիւնները։ նշեալ հռչակագիրէն 55 տարի ետք, ընդգծուած է անոր կարեւորութիւնը Վատիկանի հրէաներու հետ կրօնական յանձնաժողովի եւ միջ կրօնական խորհրդատուութիւններուն միջազգային հրէական կոմիտէի համատեղ յայտարարութեան մէջ։

Ունկնդրէ լուրը

Քահանայապետական քրիստոնեաներու միութեան խորհուրդի նախագահ կարդինալ Քուրդ Քոխ, որ է նաեւ հրէաներու հետ կրօնական յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահը  վերահաստատեց "Nostra aetate” հռչակագիրին կարեւորութիւնը հրեայ քրիստոնեայ երկխօսութեան ի խնդիր։

«Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետը հրեաները իբրեւ  քրիստոնեաներու աւագ եղբայրները խօսելէ ետք եւ Պենտեիկտոս ԺԶ Պապ հրէաները մեր հաւատքի հայրը նկատելէ ետք , այսօր մենք եւս կրնանք խօսիլ հրէաներու եւ քրիստոնէացնելու միջեւ եղբայրներու եւ քոյրերու հասարակութեան մը մասին։» Նշած է Կարդինալ Քուրտ Քոխ ընդգծելով երկու կրօններու կողմէ կիսուած ուղիին տուած պտուղները եւ անհրաժեշտ համարելով շարունակելու փոխադարձ եւ խորունկ հասկացողութեան ուղին յարգելով երկու կրօններու աւանդութիւնները։

Մինչ Ռափունապետ Նոամ Է Մարան, նախագահը միջազգային խորհրդատուութիւններուն հրէական կոմիտէի  պատգամին մէջ գնահատեց ֆրանչիսկոս Պապին խօսքը  «այն պահուն երբ հակասեմականութիւնը աճումի մէջ է եւ հրէական համայնքներու եւ հրէաներու դէմ ֆիզիքական սպառնալիքը ծայրաստիճան իրական է , մենք երախտապարտ ենք Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապին անսասանութեան համար, որ խիստ և բազմիցս արտայայտուեցաւ այս պատուհասի դէմ»

Ռափունապետ Նոամ Է Մարան ապա հրէաներու եւ Քրիստոնեաներուն կողմէ  ձեռք բերուած երկխօսութիւնը նկատած է բարեկամութեան օրհնութիւն, հիմնուած այն համոզմունքին վրայ, որ մարդ էակները ստեղծուած են աստուածային պատկերի համաձայն եւ երկու կրօններուն  ճակատագրերը անքակտելիօրէն կապուած են իրարու հետ։ 

29/10/2020, 11:33