Որոնել

Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի 

«Պատերազմը կը մնայ տխուր մէկ իրողութիւն եւ տխուր ողբերգութիւն աշխարհի զանազան վայրերու մէջ». Կարդինալ Սանտրի։

Արեւելեան Քահանայապետական կաճարի նոր տարեշրջանի բացման արարողութեան Կարդինալ Սանտրին կոչ ուղղեց ի նպաստ Միջին Արեւելքին եւ Կովկասին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

20 Հոկտեմբերին բացումը կատարուեցաւ  Հռոմի Արեւելեան Քահանայապետական կաճարի ուսումնական  նոր տարեշրջանին, որուն առթիւ իր զեկոյցին  մէջ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի Կառավարիչը՝ Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի, ի յայտ դրաւ թէ ինչպէս Քովիտ 19 համաճարակը մղեց դիմել շարք մը որոշումներու, որոնք փոխեցին առօրեայի ընթացքը։

«Տարբեր ձեւեր կան դիմագրաւելու համար դժուարութիւնն ու մարտահրաւէրները» ըսաւ Ծիրանաւորը, դիտել տալով ՝ որ Քրիստոնեային եւ հաւատացեալին համար կը նշանակէ ոչ միայն հանդիսատես ըլլալ իրադարձութեան այլեւ անորմէ քաղել հնարաւորութիւն ուշադիր ըլլալով Աստուծոյ« kairos» ին այսինքն՝ թէ «ի՞նչ կ՛ուզէ հաղորդել Աստուած իր ժողովուրդին պատմութեան որեւէ մէկ իրադարձութեան ընդմէջէն»։

Նկատի առնելով որ Արեւելեան Կաճարին առաքելութիւնն է խթանել Արեւելեան Եկեղեցիներուն ճանաչումը Կարդինալ Սանտրին յատուկէն անդրադարձաւ միջին արեւելքի կացութեան ու կոչ ուղղեց ի նպաստ խաղաղութեան եւ հաշտութեան մատնանշելով նաեւ Կովկասեան տարածաշրջանին,  «ուր, ըսաւ Ծիրանաւորը, բարեկամ ժողովուրդներ ինչպիսի են հայրեն ու ազէրիները, իրենց ձեռքը առին զէնքերը  վերազարթնելով հակամարտութիւն մը , զոր զերծ չէ շահերէ և զանազան տէրութիւններու աջակցութենէ»:

Կարդինալ Սանտրին անդրադարձաւ ապա  Պենետիկտոս ԺԵ քահանայապետին 5 հոկտեմբեր 1920-ին հրապարակած «Principi Apostolorum Petro» շրջաբերականին, որով Ան Սուրբ Էֆրեմը կարգեց Եկեղեցւոյ Վարդապետ եւ որուն այս տարի կը յիշատակուի հարիւր ամեակը։  Այս առթիւ նախատեսուած ձեռնարկները յետաձգուած են յաջորդ տարուայ հոկտեմբերին։

Ծիրանաւորը մատնանշեց թէ վերոնշեալ շրջաբերականը կ՛ուզէր «Արեւելքի ժողովուրդներուն  նուիրել մխիթարութիւն եւ ցոյց տալ յոյսի փարոս մը», ժամանակի մը ընթացքին ուր առաջին աշխարհամարտէն ետք եկեղեցիները ականատես եղան մերձաւոր ու միջին արեւելքի մասնատումին»։

«Այդ բոլորի հանդերձ կարծես աշխարհը դաս չի քաղեց անցեալէն ու հակառակ որ համաճարակը մասամբ կասեցուց կամ սահմանափակեց որոշ պատերազմական երեւոյթներ, պատերազմը կը մնայ տխուր մէկ իրողութիւն եւ տխուր ողբերգութիւն աշխարհի զանազան վայրերու մէջ ու յատկապէս մեզի շատ սիրելի արեւելքի մէջ» ըսաւ Կարդինալ Սանտրի որ ապա խօսքը կեդրոնացուց ուսումնական տարւոյն վրայ եւ կաճարին նուիրած կազմաւորումի կարեւոր ընթացքին վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/10/2020, 07:45