Որոնել

Պաշտպանել տարեցներու իրաւունքը Պաշտպանել տարեցներու իրաւունքը 

Սուրբ Աթոռը. Պաշտպանել տարեցներու իրաւունքը նաեւ համաճարակի օրերուն։

Վերջին ամիսներուն տարեցներու ամբողջ սերունդ մը սուղ գին վճարեց համաճարակի հետեւանքներու բերումով, հակառակ որ այդ սերունդը թանկարժէք միջոց մըն է մարդկային ընտանիքին համար։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Մարդկային իրաւունքները տարիք չունին եւ տարեց մարդոց առողջութիւնը, բոլորի նման, պէտք է պաշտպանուի, մասնաւորապէս Քովիտ19 համաճարակի օրերուն» այս է համառօտ կերպով կոչը՝ զոր Ժընեւի ՄԱԿ-ի գրասենեակի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ՝ գերապայծառ Իվան Եուրքովիչը ուղղեց 21 սեպտեմբերին, մարդու իրաւունքներու Խորհուրդի 46րդ նստաշրջանին առթիւ։

Ունկնդրէ լուրը

Գերապայծառ Եուրքովիչ լուսարձակի տակ դրաւ տարեցներու վերաբերեալ յստակ եւ ամբողջական տուեալներ ունենալու անհրաժեշտութիւնը, վիճակագրութիւններու թերի տուեալներուն ի տես,  որոնք հնարաւորութիւն չեն տար ճշգրիտ կերպով գնահատելու տարեցներու կարիքները եւ ոչ իսկ անոնց ընկերութեան մատուցած նպաստը։ 

Ասկէ մեկնելով Գերապայծառ Եուրքովիչ շեշտեց բարձրորակ, ճշգրիտ եւ վստահելի տուեալներ ունենալու պահանջը,  որպէսզի բնակչութեան այս հատուածի համար «մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ոլորտէն ներս առկայ բացերը» բացայայտուին և լրացուին:

Գերապայծառ  Եուրքովիչին մտածումը կեդրոնացաւ հուսկ Քովիտ19 ժահրի մեծ թիւով տարեց զոհերուն,  յատուկէն մտահոգութիւն արտայայտելով համաճարակի օրերուն առնուած այն որոշումներուն նկատմամբ  որոնք «բժշկական կենսամիջոցները յատկացուցին  հիմնուելով հիւանդներու տարիքին վրայ», ասոր համար անհրաժեշտ է որ առողջապահական համակարգերը առաջնորդուած ըլլան «բժշկական գնահատականներով» եւ «յստակ յանձնառութեամբ» պաշտպանելու իւրաքանչիւր  մարդու իրաւունքներն ու արժանապատուութիւնը»։

Վերջին ամիսներուն տարեցներու ամբողջ սերունդ մը սուղ գին վճարեց համաճարակի հետեւանքներու բերումով, հակառակ որ այդ սերունդը թանկարժէք միջոց մըն է մարդկային ընտանիքին համար։ «Անոնք ժողովուրդի մը արմատներն ու յիշողութիւնն են» հաստատեց Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտը շեշտելով՝  որ «տարեցները պէտք է պաշտպանուին, անոնց իրաւունքներն ու արժանապատուութիւնը պէտք է յարգուի»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/09/2020, 07:35