Որոնել

Եգիպտոս. Ղպտի հաւատացեալներ Եգիպտոս. Ղպտի հաւատացեալներ 

Սուրբ Աթոռը «Կանխել արմատականացումը հանդիպման մշակոյթի միջոցաւ»։

Հակահաբեկչական մեր ջանքերուն յաջողութիւնը կամ ձախողութիւնը հիմնականի մէջ հիմնուած է տեղական նախաձեռնութիւններու վրայ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

«Սուրբ Աթոռը խստօրէն և միանշանակօրէն  կը դատապարտէ ահաբեկչութիւնը իր բոլոր ձևերով և դրսևորումներով:

Ոչ մի գաղափարական, քաղաքական, փիլիսոփայական, ցեղային, կրօնական պատճառաբանութիւն կարող է  արդարացնել ահաբեկչութեան օգտագործումը, որովհետեւ անիկա ոտնահարում է արժանապատուութեան, մարդու իրաւունքներուն և միջազգային մարդասիրական իրաւունքի և վտանգի կ՝ենթարկէ կայունութիւնը, հասարակութեան համերաշխութիւնն ու զարգացումը, միաժամանակ սպառնալով միջազգային խաղաղութեան և անվտանգութեան»: Այս եղաւ ԵԱՀԿ-ի մօտ, Սուրբ Աթոռի մնայուն դիտորդ, Գերապայծառ Եանուս Ուրպանչիքի խօսքը, յղած Վիեննայէն, «Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի» մասին գումարուած Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան կողմէ կազմակերպուած տեսաժողովի ընթացքին։  

Ունկնդրէ լուրը

Գերապայծառ Ուրպանչիք իր ելոթին մէջ ընդգծեց. «պէտք ենք ընդունիլ, որ ահաբեկչութիւնն ու ծայրայեղականութիւնը համատարածուած սպառնալիք են, որ կարող են ազդել իւրաքանչիւրի վրայ եւ ասոր համար կանչուած ենք ընդհանուր պատասխան տալու։ Ուստի կարեւոր է ձեռնարկել արդիւնաւէտ միջոցներ՝ կանխելու արմատականացումի որեւր ձեւ, յատկապէս երիտասարդներու միջեւ, ինչպէս նաեւ հաւանական ահաբեկիչներու ֆինանսաւորումը, հաւաքագրութիւնը, եւ վերապատրաստումը։»։ Ըստ Գերապայծառին. «կայուն պատասխանը, չէ կարելի կայանալ միայն ոստիկանութեան եւ անվտանգութեան միջոցառումներու մէջ ։՝Ծայրայեղականութիւնն ու արմատականացումը կանխելու համար պէտք է մշակել հանդիպումի մշակոյթ, որ կը նպաստէ փոխադարձ յարգանքին եւ կը խթանէ երկխօսութիւն  ու կ՝առաջնորդէ խաղաղ եւ նեռարական ընկերութեան։»

Գերապայծառ Ուրպանչիք ապա նշեց թէ« Հակահաբեկչական մեր ջանքերուն յաջողութիւնը կամ ձախողութիւնը հիմնականին մէջ հիմնուած է տեղական նախաձեռնութիւններու վրայ։ Տեղական ինքնակառավարման մարմինները և հիմնական կազմակերպութիւնները, ըստ էութեան, առաջնագիծի վրայ  են, որովհետեւ անոնք ուղղակիօրէն կը մասնակցին ահաբեկչութեան դէմ պայքարի երիտասարդներու ներգրաւման՝ անոնց ապահովուելով աշխատանք եւ կրթութիւն՝ խուսափելով արմատականութիւնէն: Հետեւաբար միջազգային համագործակցութիւնը պէտք է աջակցի տեղական բաղադրիչներու ջանքերուն։օ ըսաւ Գերապայծառը։

Ըստ Սուրբ Աթոռի մշտական ​​դիտորդին. «Գաղափարներու յարգանքը և խօսքի ազատութիւնը ու երիտասարդներու մասնակցութիւնը, կենսական նշանակութիւն ունի յաղթահարելու համար ծայրայեղականութիւնը, մեղմացնելու համար անոնց բռնութեան մղումները։»

Ինչ կը վերաբերի Սուրբ Աթոռի յանձնառութեան, Գերապայծառը յիշեց, որ Սուրբ Աթոռը այլ կրօնապետերու ու անոնց հասարակութիւններուն հետ յանձնառու է ծայրայեղականութիւնն ու բռնութիւն կանխելու , խթանելով անկեղծ միջ կրօնական եւ միջ մշակութային  արդիւնաւէտ երկխօսութիւն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/09/2020, 10:24