Որոնել

Պարտադրուած փախչիլ Յիսուսին նման Պարտադրուած փախչիլ Յիսուսին նման 

Գաղթականներու եւ փախստականներու Օրը։ Պարտադրուած փախչիլ Յիսուսին նման։

Այսօր կը յիշատակուի Գաղթականներու ու Փախստականներու համաշխարհային 106-րդ օրը որուն առթիւ հրապարակուած Քահանայապետական պատգամին առանցքը կը կազմէ ներքին տեղահանները։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Համայն աշխարհի տարածքին ներքին տեղահաններու թիւը կը գերազանցէ 50 միլիոնը, համայն ազգ մը, որուն ճակատագիրը սակայն թաքուն կը մնայ աշխարհի աչքերուն դիմաց, տրուած ըլլալով որ անոնք այդ գաղթականի իրավիճակը կ՛ապրին իրենց երկիրներու սահմաններու ներքոյ, թիրախ հակամարտութիւններուն, բռնութիւններուն, բնական աղէտներուն եւ ներկայ ժամանակի մէջ նաեւ Քովիտ-19 համաճարակին։ Եմենը, Սուրիան, Լիպիան եւ Իրաքը կը համարուին ամենաշատ ներքին տեղահաններ ունեցող երկիրներ, այնտեղ տիրող պատերազմի իրավիճակին պատճառաւ։

Ահա անոնց է որ նուիրուած է Գաղթականներու եւ Փախստականներու համաշխարհային 106-րդ օրը, որ կը հրաւիրէ յատուկ ուշադրութիւն դարձնել  այդ  ողբերգական իրողութեան, որ յաճախ անտեսանելի է, ինչպէս կը յայտնէ Ֆրանչիսկոս Պապը այս առթիւ հրապարակած իր պատգամին մէջ,  որուն բնաբանն է «Պարտադրուած փախչիլ Յիսուսի Քրիստոսի նման. Ընկալել, պաշտպանել, խթանել եւ ընդելուզել ներքին տեղահանները»։

«Յիսուս ներկայ է անոնցմէ իւրաքանչիւրի մէջ, ինք որ Հերովդէսի օրով ստիպուած եղաւ փախչիլ։ Անոնց դիմագիծերու մէջ հրաւիրուած ենք տեսնելու Քրիստոսի դիմագիծը՝ անօթի, ծարաւ, մերկ, հիւանդ, օտարական եւ բանտարկեալ։ Դիմագիծ՝ որ մեզ կը հարցաքննէ։ Եթէ զինք ճանչնաք, մենք պիտի ըլլանք անոնք՝ որ  իրեն շնորհակալութիւն պիտի յայտնենք, իրեն հանդիպելու, զինք սիրելու ու անոր ծառայելու կարելիութեան համար»։ Քահանայապետական պատգամէն քաղուած այս խօսքերը կը վերահաստատեն Ֆրանչիսկոս Պապին ուշադրութիւնն ու մօտիկութիւնը հանդէպ ամենադիւրաբեկներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/09/2020, 09:46