Որոնել

Գերապայծառ Կապրիելէ Քաչչա Գերապայծառ Կապրիելէ Քաչչա 

«Քովիտ-19 արտակարգ իրավիճակի ոլորտէն ներս միասին կառուցենք համատեղ և ներառական հասարակութիւններ». Գերապայծառ Քաչչա:

«Այս պատմական պահը հնարաւորութիւն կ՛ընձեռնէ վերականգնելու իսկական երկխօսութեան ոգին ՝ զիրար ունկնդրելու եւ իրարմէ սորվելու ցանկութեան միջոցաւ» ըսաւ Գերապայծառ Քաչչա

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Որպէսզի կարողանանք ապրիլ՝ որպէս իսկապէս միացած Ազգեր, որպէս եղբայրներ եւ քոյրեր, յանձնառու բոլորի մարդկային համապարփակ զարգացումին, պէտք է յայտարարութիւններէն անդին երթալ։ Պէտք է միանանք եւ մեր առջեւ ունեցած մարտահրաւէրը փոխակերպենք հնարաւորութեան, միասին կառուցելու համար մեր բաղձացած ապագան։ Եւ հաւատացեալները պէտք է սատարեն գծելու այդ ուղին»։ Խօսքերն ասոնք ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ՝ գերապայծառ Կապրիելէ Քաչչայի, զոր ան արտասանեց երէկ՝ Նիու Եորքի մէջ կայացած «Քաղաքակրթութիւններու դաշինքի ընկերներու խումբ»ի հանդիպման ընթացքին, կեդրոնական նիւթ ունենալով. «Ստեղծել աւելի լաւ աշխարհ մը. Քովիտ-19 արտակարգ իրավիճակի ոլորտէն ներս միասին կառուցել համատեղ և ներառական հասարակութիւններ»։

Ունկնդրէ լուրը

Գերապայծառ Քաչչա մատնանշեց Ֆրանչիսկոս Պապին  Քովիտ 19 համաճարակին նուիրուած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւններու խորհրդածութիւններու շարքին ինչպէս նաեւ Նորին Սրբութեան մօտիկութեան արտայայտութիւններուն, աղօթքի եւ աղերսանքի արարողութիւններուն, ու յատկապէս  անոր յատուկ ուշադրութեան՝ աղքատներուն եւ աւելիով խոցելիներուն…

«Քահանայապետը հրաւիրեց վերաբացայայտելու ինչ կը նշանակէ ըլլալ մարդկային մէկ ընտանիքի անդամներ» ըսաւ Գերապայծառ Քաչչա մատնանշելով նաեւ  Միջկրօնական Քահանայապետական Խորհուրդի եւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի համատեղ հրապարակած փաստաթուղթին, ուր կը հաստատուի՝ թէ սէրն ու ծառայութիւնը մերձաւորին նկատմամբ պէտք է կատարուի «զօրակցութեամբ նաեւ անոնց հետ, որոնք կը դաւանին այլ կրօններ կամ իրենք զիրենք կը համարեն  որոշակի  կրօնի հետ  կապ չունեցող անձեր»:

Աշխարհը արդարեւ վիրաւորուած  չէ միայն համաճարակէն, այլ նաեւ «կրօնական անհանդուրժողականութեան, խտրականութեան, ցեղապաշտութեան, տնտեսական և բնապահպանական անարդարութեան և բազմաթիւ այլ մեղքերու պատուհասներէն»:

«Այս պատմական պահը հնարաւորութիւն  կ՛ընձեռնէ վերականգնելու իսկական երկխօսութեան ոգին ՝ զիրար ունկնդրելու եւ իրարմէ սորվելու ցանկութեան  միջոցաւ» ըսաւ Գերապայծառ Քաչչա մէջբերելով Ֆրանչիսկոս Պապին ՄԱԿ-ին ուղղած պատգամէն հետեւեալ եզրափակիչ խօսքերը. «Համաճարակը ցոյց տուաւ թէ չենք կրնար ապրիլ առանց միւսին, կամ աւելի վատ՝ մէկը միւսին դէմ» ու թէ «ներկայ տագնապը որ կը հարուածէ մարդկային ընտանիքը հնարաւորութիւն է իսկապէս աշխատելու միասին, կառուցելու համար աւելի ներառական եւ համախմբուած  ընկերութիւններ»։ «Տագնապէ մըկարելի չէ դուրս գալ առաջուան նման . դուրս կու գանք կամ աւելի լաւ կամ աւելի վատ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/09/2020, 11:27