Որոնել

Արուեսական բանականութիւն Արուեսական բանականութիւն 

Կարդինալ Փալիա «Արուեստական բանականութիւնը թող դրուի մարդու ծառայութեան տրամադրութեան տակ»

Սնանել մարմինները կ՝ենթադրէ , ոչ միայն հոգ տանիլ մարդկութեան կամ բոլոր ժողովուրդներուն այլ հոգ տանիլ երկրի մոլորակի իւրաքանչիւր անհատի մարդկային արժանապատուութեան ՝շնորհուած  Աստուծոյ կողմէ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 24 սեպտեմբերին, տեղի ունեցաւ «արուեստական բանականութիւն, կերակուր բոլորին համար» նիւթով առցանց հանդիպում, որուն ելոյթ ունեցողներուն շարքին եղաւ նաեւ «կեանքի ի սպաս» քահանայապետական կաճառի նախագահ, կարդինալ Վինչենզօ Փալիա։

Ունկնդրէ լուրը

Ծիրանաւորը իր ելոյթին մէջ նկատել տուաւ, որ կեանքի,մարդկութեան ճակատագիրի ինչպէս նաեւ  երկիր մոլորակի դիմաց ծանրաբեռնուած մարտահրաւէրներու դիմաց անհրաժեշտ է, որ տարբեր գիտելիքները եւ հմտութիւնները գտնեն ընդհանուր տարածքներ եւ փոխանակումի ու համեմատութեան վայրեր ։Այս կատարելով «պիտի պիտի գայ օր մը ուր՝ ոչ մէկը անօթութենէն պիտի մեռնի» ըսաւ  կեանքի ի սպաս քահանայապետական կաճառի նախագահը։

Ան ապա  շեշտեց, ոչ մի անհատ բացառելու կարեւորութիւնը, հրաւիրելով ներգրաւել այն այն բոլոր ենթակաները,  որոնք մեկուսացման վտանգի մէջ կը գտնուին  գնահատելով բոլոր այդ անհատներու աշխատանքը, որոնք կը գործեն մոլորակի այն վայրերուն մէջ ուր հողագործութեան աշխատանքները ենթարկուած են  շարունակ տնտեսական , կլիմայի եւ ընկերային փոփոխութեան վտանգներուն։

«Որպէսզի ոչ մէկը բացառուի պէտք է հոգ տանիլ իւրաքանչիւր անհատի։»  Ըսաւ Կարդինալ Փալիա աւելցնելով
«սնանել մարմինները կ՝ենթադրէ, ոչ միայն հոգ տանիլ մարդկութեան կամ բոլոր ժողովուրդներուն այլ հոգ տանիլ երկրի մոլորակի իւրաքանչիւր անհատի մարդկային արժանապատուութեան ՝շնորհուած  Աստուծոյ կողմէ։

Կարդինալ Փալիա ապա խօսքը կեդրոնացուց կենսաբանական բազմազանութեան պաշտպանութեան վրայ նշելով ,  որ կենսաբանական բազմազանութեան պաշտպանութիւնը պէտք է բոլորիս ուշադրութեան կեդրոն ըլլայ։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/09/2020, 10:09