Որոնել

Արքեպիսկոպոս Կալլակեր կ՝այցելէ Պիելոռուսիա Արքեպիսկոպոս Կալլակեր կ՝այցելէ Պիելոռուսիա 

Գերապայծառ Փոլ Կալլակերի գլխաւորութեամբ Սուրբ Աթոռի պատուիրակութիւն մը այցելեց Պիելոռուսիա

Սուրբ Աթոռի պատուիրակութիւնը ,Պիելոռուսիոյ մէջ հանդիպում ունեցաւ Պիելոռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ։

Վազգէն Աբարդեան  - Վատիկան

Վատիկանի  պետութիւններուն հետ յարաբերութեան քարտուղար, արքեպիսկոպոս Փոլ Կալլակեր, 11էն-14 սեպտեմբերին, այցելեց Պիելոռուսիա, ընկերակցութեամբ Պիելոռուսիոյ մէջ Առաքելական նուիրակ, Գերապայծառ Անթոնիօ Մենինիին եւ Գերապայծառ Փոլ Պութնարույին՝ Առաքելական պալատին պետութիւններուն հետ յարաբերութեան քարտուղարը։

Ունկնդրէ լուրը

Գերապայծառ Փոլ Կալլակերի գլխաւորութեամբ Սուրբ Աթոռի պատուիրակութեան Պիելոռուսիոյ միջազգային օդակային մէջ դիմաւորումի ելաւ ի մէջ այլոց Պիելոռուսիոյ արտաքին գործոց փոխ նախաար, տիար Սերկէյ Ալէնիք։ 

Սուրբ Աթոռի պատուիրակութիւնը ,Պիելոռուսիոյ մէջ հանդիպում ունեցաւ Պիելոռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ։

Շուրջ մէկ ու կէս ժամ տեւող հանդիպումի նիւթ հանդիսացաւ Միջազգային գետնի վրայ Պիելոռուսիոյ եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ համագործակցութեան ծիրէն ներս յիշարժան պահերը, ինչպէս նաեւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ նպաստը, Պիելոռուսիոյ ժողովուրդի հոգեւոր աճումին, ազգային, միջ կրօնական, բարի համակեցութեան , երկրի մշակութային ինքնութեան խթանման ի նպաստ։ 

Շաբաթ, 12 սեպտեմբերին, Պիելոռուսիոյ առաքելական նուիրակի պալատին մէջ, Սուրբ Աթոռի պետութիւններուն հետ յարաբերութեան քարտուղարը հանդիպեցաւ Պիելոռուսիա կաթողիկէ եպիսկոպոսներուն հետ, որուն ընթացքին քննարկուեցան Պիելոռուսիոյ մէջ կաթողիկէ հաւատացեալներուն ու հոգեւոր առաջնորդներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները, փոխանցելով անոնց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին մօտիկութիւնը։

Սուրբ Աթոռի պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Մինսքի Օրթոտոքսներու տաճարը  ու անոր կից գտնուող Աստուածաբանական համալսարանը, որմէ ետք այցելցեց Կաթողիկէներուն մայր տաճարը։

Միեւնոյն օրը Գերապայծառ Կալլակեր Առաքելական նուիրակի պալատէն ներս հանդիպում ունեցաւ, Պիելոռուսիոյ արտաքին գործոց փոխ նախարարին եւ Սուրբ Աթոռին մօտ դեսպանին հետ։

Կիրակի 13 սեպտեմբերին, Գերապայծառ Փոլ Կալլակեր, Պապական նուիրակի պալատի մատրան մէջ մատուցեց Սուրբ Պատարագ կաթողիկէ դեսպաններու մասնակցութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/09/2020, 15:50