Որոնել

Կարդինալ Թակլէ Կարդինալ Թակլէ 

Կարդինալ Թակլէ վարակուած է Քորոնավիրուսէն։

Ժողովատներու Աւետարանութեան Ժողովի կառավարիչը որ կը գտնուի Ֆիլիփինեան կղզիներու մէջ վարակուած է Քորոնավիրուսէն
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

Քորոնա վիրուսը կը հարուածէ Քահանայապետի ամենամօտ  համագործակիցներէն մին։ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը՝ Տիար Մաթթէօ Պրունի պատասխանելով մի քանի լրագրողներու հարցումներուն նշեց թէ Կարդինալ Լուիս Անթոնիօ Թակլէ «Մանիլա ժամանումին Քովիտ 19 ժահրի քննութիւնը կատարելով ունեցաւ «դրական» պատասխան»։  Կարդինալ Թակլէ որ է նաեւ Միջազգային Քարիթասի նախագահ «ոչ մէկ ախտանիշ ունի» ու Ֆիլիփինեան կղզիներու մէջ պիտի յարգէ մեկուսացման դրութիւնը» յայտնեց միշտ Սուրբ Աթոռի բանբերը, որ ապա նշեց թէ մինչ այդ  կը շարունակուին անհրաժեշտ ստուգումներ կատարել բոլոր անոնց վրայ որոնք վերջին օրերուն կապի մէջ մտան Ծիրանաւորին հետ։ Մաթթէօ Պրունի հաստատեց նաեւ թէ անցեալ 17 սեպտեմբերին Կարդինալ Թակլէն Հռոմի մէջ կատարած էր Քովիտ19 այլ մէկ քննութիւն որուն պատասխանը ժխտական էր։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/09/2020, 08:00