Որոնել

Հիրոշիմայի մէջ ադոմական ռումբը Հիրոշիմայի մէջ ադոմական ռումբը 

Սուրբ Աթոռը պատրաստ է աջակցելու հիւլէական փորձարկումներու լիակատար արգելք հանդիսացող պայմանագրի ուժի մէջ մտնելու ՄԱԿ-ի ջանքերուն

«Երեք քառորդ դար անցաւ այն օրէն երբ առաջին հիւլէական փորձարկումները տեղի ունեցաց Միացեալ Նահանգներուն Նիւ Մեքսիոյի անապատին մէջ։ Այն օրէն մինչեւ այսօր տեղի ունեցան աւելի քան 2000 փորձարկումներ»։

Չորեքշաբթի, օգոստոս 26ին, ՄԱԿ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ, հիւլէական փորձարկումներուն դէմ զարգացման եւ յիշատակի միջազգային օրուան առթիւ,  առցանց հանդիպում, որուն ելոյթ ունեցողներուն շարքին  զրուցեց  նաեւ Սուրբ Աթոռի ՄԱԿ-ի  մօտ մնայուն դէտի առաքելութեան յանձնակատար Գերապայծառ Ֆրէտէրիք Հանսէն ըսելով

Ունկնդրէ լուրը

«Երեք քառորդ դար անցաւ այն օրէն երբ առաջին հիւլէական փորձարկումները տեղի ունեցաց Միացեալ Նահանգներուն Նիւ Մեքսիոյի անապատին մէջ։ Այն օրէն մինչեւ այսօր տեղի ունեցան աւելի քան 2000 փորձարկումներ, որոնցմէ եօթը այս դարուն մէջ, պատճառելով կենսոլորտային աւերներ եւ այդ շրջանին մօտկայքը  գտնուող անձերուն առողջապահութեան վրայ վնասներ։ ըսաւ Գերապայծառ Հանսէն հաստատելով որ այդ իսկ պատճառով անհրաժեշտ է որ  հիւլէական փորձարկումներու լիակատար արգելքի համար պայմանագրի նախապատրաստական ​​յանձնաժողովը պէտք է որ գործակցի ութը պետութիւններուն հետ, որոնց վաւերացումը անհրաժեշտ է պայմանագրի ուժի մէջ մտնելու, պայմանագիր մը  որ հիմնական է ստեղծելու աշխարհ մը առանց հիւլէական զէնքերուն։

Գերապայածառ Հանսէն ելոթին մէջ ապա  յիշեց  ադոմական Ռումբի 75 ամեակն ու զոհերն , հրաւիրելով պետութիւնները  որդեգրելու  Միացեալ Ազգերուն հիմնադրութեան միեւնոյն հոգին ու ձգտիլ ոչ միայն հիւլէական փորձարկումներուն լիակատար  արգելքի պատմագրի վաւերացման ,  այլ ունենալ  աշխարհ մը   առանց հիւլէական զէնքերուն,   նպատակ մը որ  այսօր առաւել հրատապ  կը նկատուի  , համաճարակի տագնապի օրերու։

Գերապայծառ Հանսէն  ելոյթի աւարտին  մէջբերց Ֆրանչիսկոս Պապին անցեալ նոյեմբերի , Հիրոշիմա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին արտասանած  խօսքէն հատուած մը, նշելով «ռազմական նպատակներուն համար հիւլէական զէնքի օգտագործումը, այսօր քան երբեք ոչ միայն ոճիր մըն է  մարդ արարածին արժանապատուութեան դէմ, ալեւ հասարակաց տան ապագային կարելիութեան դիմաց եւ ռազմական նպատակով ադոմական ուժանիւթի օգտագործումը  անբարոյական է ինչպէս նաեւ անբարոյական է  հիւլէական զէնքերուն պահպանումը։»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/08/2020, 12:27