Որոնել

Կարդինալ Փարոլին։ Կարդինալ Փարոլին։  

«Առաջնահերթը տնտեսութիւնը չէ այլ անհատը» Կարդինալ Փարոլին։

«Համաճարակը ահաւոր ցնցում մը տուաւ տնտեսական եւ ընկերային համակարգին ու անոր ենթադրային ապահովութիւններուն» հաստատեց հուսկ Կարդինալ Փարոլինը մատնանշելով համաճարակին հետեւանքով ստեղծուած ծանր հարցերուն, ինչպէս անգործութիւնը, հանրային առողջութիւնը ու Պետութիւններու միջեւ յարաբերութիւնները, այս ուղղութեամբ նշելով թէ Եկեղեցին ինքզինք կանչուած կը զգայ ընկերանալու մարդկային ընտանիքի դիմաց գտնուող խրթին ուղեւորութեան ու այս մէկը ընելու է հեզութեամբ եւ իմաստութեամբ բայց նաեւ ստեղծագործութեամբ:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Համաճարակը ողբերգական կերպով մեզի կը սորվեցնէ՝ թէ ոչ մէկը կարող է մինակը յառաջ ընթանալ. Վիրուսը դիմագրաւելու համար կարիքը կայ բաժնեկցուած եւ համակարգուած պատասխանի։ Նոյնը վաւեր է նաեւ բուժելու համար անտարբերութեան, մինակութեան եւ թշնամութեան չարիքները»։ Այսպէս արտայայտուեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղարը՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, անցեալ 27 օգոստոսին, « www.ripartelitalia.it» պարբերականի տուած մէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին:

«Առաջնահերթը տնտեսութիւնը չէ այլ մարդ անհատը» հաստատեց ապա Ծիրանաւորը դիտել տալով որ Քովիտ-19 ժահրը միայն առողջապահական տագնապ չի յառաջացուց, այլ հարուածեց մարդկային կեանքի բազմաթիւ ոլորտներ. ընտանիքը, քաղաքականութիւնը, աշխատանքը, առուտուրը, զբօսաշրջութիւնը եւայլն»… եւ համաճարակի ընդարձակ և փոխկապուածութեան բնոյթը մեզ անընդհատ կը յիշեցնէ Ֆրանչիսկոս Պապի այն դիտարկումը, թէ «ամէն ինչ իրար կապուած է» աւելցուց Կարդինալ Փարոլինը, որուն գնահատումով «եթէ բոլոր կառավարութիւնները ստիպուած եղան դիմելու արտակարգ միջոցներու, մինչեւ իսկ տնտեսական գործունէութեան դադրեցումը, պայքարելու համար համաճարակին դէմ, այս կը նշանակէ թէ առաջնահերթը տնտեսութիւնը չէ այլ մարդ անհատը»:

«Այսուամենայնիւ Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութիւնը, որ արմատացած է քրիստոնէական մարդաբանութեան մէջ, մեզի կը յիշեցնէ, որ պէտք չէ միայն սահմանափակուիլ մարմնային առողջութիւնը խնամելու մէջ, այլ պէտք է հոգալ մարդ անհատի ամբողջականութեան ու այս մէկը պէտք է ըլլայ առաջնակարգ նպատակը՝ քաղաքական ու տնտեսական յանձնառումին, հասարակաց տան բաժնեկցուած պատասխանատուութեան բարոյականութեան մը ներքոյ», դիտել տուաւ Վատիկանի Պետական քարտուղարը նշելով՝ որ «Եկեղեցին կը հրաւիրէ վերագտնելու տնտեսութեան կոչումը՝ ի սպաս մարդու ծառայութեան, իւրաքանչիւր անձին երաշխաւորելու համար հարկաւոր պայմանները՝ ի նպաստ մարդկային համապարփակ զարգացումի ու արժանավայել կեանքի»։

Վատիկանի թիւ մէկ դիւանագէտը շեշտը դրաւ ապա համաճարակի ընթացքին առողջապահական մարզէն ներս ի յայտ եկած որոշ դիւրաբեկութիւններուն ու բացթողումներուն, որոնք ընդհանրապէս կեդրոնացան մարդկային առողջութեան ապահովումին վրայ, զանց ընելով այլ կարեւոր ոլորտներ, ինչպէս ընտանիքներու կողմէ հիւանդներուն ու մահամերձներուն մօտիկութիւնը…

«Համաճարակը բացայայտեց մեր իրարկախուածութեան իրականութիւնը ու մեր տկարութիւնը, մեր բաժնեկցուած դիւրաբեկութիւնը», նշեց Կարդինալ Փարոլինը, մէջբերելով Ֆրանչիսկոս Պապին «Գովեալ ըլլաս» շրջաբերականէն խօսքեր ուր ան կ՛ընդգծէ՝ թէ «իրարկախուածութիւնը մեզ կը ստիպէ մտածել միայն մէկ աշխարհի մը ու միայն միասնական ծրագիրի մը», թէեւ՝ նկատել տուաւՎատիկանի Պետական  քարտուղարը, «փոխանակ գործելու ի նպաստ հասարակական տիեզերական բարիքի համակարգուած խթանման, ականատես ենք մեր շուրջ բարձրացող պատերու, սահմաններու փակումներու՝ որպէս անվտանգութեան երաշխիք, եւ իրաւունքներու համակարգուած խախտումներու, պահպանելով հակամարտութեան մնայուն իրավիճակ մը»։ 

Կարդինալ Փարոլին մէջբերեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապին այլ խօսքեր՝ ուղղուած Ժողովրդային Շարժումներուն. «մոլորակային իրարկախուածութիւնը կը պահանջէ համընդհանուր պատասխաններ, որովհետեւ յոյսին համաշխարհայնացումը պէտք է փոխարինէ բացառումի եւ անտարբերութեան համաշխարհայնացումը», Ան ապա յղում կատարեց Ֆրանչիսկոս Պապին «Գովեալ ըլլաս» ու Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետին «Սէրը ճշմարտութեան մէջ» շրջաբերականներուն, որոնց մէջ ընդգծուած է տնտեսութեան մը տեսութիւնը՝ ուր պէտք է տեղ գտնէ պարգեւին տրամաբանութիւնը եւ ձրիութեան սկզբունքը, որ արտայայտութիւն է մարդկային եղբայրութեան։  

«Համաճարակը ահաւոր ցնցում մը տուաւ տնտեսական եւ ընկերային համակարգին ու անոր ենթադրային ապահովութիւններուն», հաստատեց հուսկ Կարդինալ Փարոլինը մատնանշելով համաճարակին հետեւանքով ստեղծուած ծանր հարցերուն, ինչպէս անգործութիւնը, հանրային առողջութիւնը ու Պետութիւններու միջեւ յարաբերութիւնները, այս ուղղութեամբ նշելով թէ Եկեղեցին ինքզինք կանչուած կը զգայ ընկերանալու մարդկային ընտանիքի դիմաց գտնուող խրթին ուղեւորութեան ու այս մէկը ընելու է հեզութեամբ եւ իմաստութեամբ, բայց նաեւ ստեղծագործութեամբ, որպէսզի համավարակի աղէտալի խուճապը չ՛աւարտուի սարսափելի ողբերգութեամբ, այլ հնարաւորութիւն տայ մարդկային եւ բնապահպանական դարձի մը, որուն մեծ կարիքը ունի մարդկութիւնը։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/08/2020, 11:11