Որոնել

Հարաւային Ափրիկէի մէջ Հարաւային Ափրիկէի մէջ 

Զբօսաշրջութեան միջազգային 41-րդ օրուան առթիւ Մարդկային համապարփակ զարգացման ժողովի պատգամը

Գիւղական զբօսաշրջութեան զարգագումը նպաստաւոր է ըլլայ մարդոց միջեւ ըլլայ բնութեան հետ յարաբերութիւններու ստեղծման։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Մարդկային համապարփակ զարգացման ժողովը հրապարակեց, յառաջիկայ 27 սեպտեմբեր, 2020ին նշուելիք զբօսաշրջութեան միջազգային օրուան առթիւ «զբօսաշրջութիւն եւ գիւղական  զարգացում» տիտղոսակիր պատգամ մը։

Ունկնդրէ լուրը

Մարդկային համապարփակ զարգացման ժողովի կառավարիչ կարդինալ Ք- Ա Թուրքսոն պատգամին մէջ նշած է որ  Զբօսաշրջութեան 41-րդ միջազգային օրը այս կը տարի կը նշուի, Քովիտ 19 ին համաճարակի տագնապով բնորոշուած անապահով վիճակի մէջ, որուն աւարտը տակաւին անյայտ է եւ որուն պատճառով մեծ անկում արձանագրած է  մարդոց տեղափոխութեան  ու զբօսաշրջիկներու թիւը,  ըլլայ ազգային ըլլայ միջազգային գետնի վրայ։

Ծիրանաւոր ապա իր մտահոգութիւնը յայտնած է, որ 2020 տարուան վերջաւորութեան ականատես պիտի դառնանք շուրջ մէկ միլիարտ զբօսաշրջիկներու թիւի անկումին , որուն պատճառով զբօսաշրջութեան մարզէն ներս նախատեսուած որ բազմաթիւ մարդիկ անգործ պիտի մնան։

Կարինալ Թուրքսոն պատգամին մէջ կը քաջալերէ շարունակել դրական կերպով նայիլ ապագային, հակառակ համաճարակի  ճգնաժամային օրերուն։ Ան ապա ակնարկելով զբօսաշրջութեան միջազգային օրուան խորագիրին «զբօսաշրջութիւն եւ գիւղական զարգացում, նշեց թէ անիկա ցոյց կու տայ զբօսաշրջութեան մարզի վերականգնումի ուղին եւ հրաւէր է ի գործ դնելու կայուն զարգացումի գործընթացի , շահագրգռութիւն ցուցաբերելով զբօսաշրջութեան վայրերուն, մանաւանդ անյայտ ու թաքնուած վայերուն  ուր մաքուր կը օդ կը շնչուի։

Ծիրանաւորը կը յորդորէ զարգացնել կայուն ու պատասխանատու զբօսաշրջութիւն մը, կիրակելով ընկերային արդարադատութեան եւ տնտեսական սկզբունքները՛, յարգելով մեզ շրջապատող միջավայրն ու մշակյոթները, ճանչնալով հիւրընկալող տեղական հասարակութիւնները ու անոնց դերակատարներ ըլլալու իրաւունքները, դիտել տալով  որ փոքրիկ հողագործները, արարչագործութեան առաջին պահպաններ են՝ անոնց համբերատար  ու անխոնջ աշխատանքի շնորհիւ։
 «Զբօսաշրջութիւն մը որ գիտէ նայիլ ու կիսել հողին բարիքները կը դառնայ ձեւ մը, սորվելու նոր ասրակերպ , շօշափելի կերպով։ Գրած է Կարդինալ Թուրքսով դիտել տալով, որ այսպէսով գիւղական զբօսաշրջութիւնը կը դառնայ այն վայրը, ուր կարելի է  յարաբերութեան մէջ մտնել ըլլայ բնութեան ըլլայ ուրիշին հետ։

Կարիդնալ Թուրքսոն պատգամը եզրափակած է իր մօտիկութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնելով բոլոր անոնց որոնք յանձնառու են զբօսաշրջութեան աշխատանքով ապրող մարդոց ու հասարակութիւններուն վրայ համաճարակի ազդեցութիւններուն հակազդելու գործին։ Ան ապա կոչ կուղղէ պետութիւններու, քաղաքական ու ազգային տնտեսութեան պատասխանատուներուն, տրամադրելու նիւթական նպսատ զբօսաշրջութեան մարզին։  Հրաւէր կ՝ուղղէ նաեւ եպիսկոպոսներուն, հոգեւոր հովիւներուն, ձեռնարկելու շօշափելի ծրագիրները, օգնելու համար զբօսաշրջութեան կապուած գործունէութիւնները։

Կարդինալ Թուրքսոն պատգամը կ՝աւարէ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց որոնք դժուարին օրերուն աջակցութիւն ցուցաբերեցին զբօսաշրջութեամբ ապրող մարդոց, յատուկէն գիւղական շրջաններէն ներս։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/08/2020, 13:30